Մարտ 14-ին Գանատայի Լիպէրալ Կուսակցութեան Սէն-Լորան ընտրաշրջանի թեկնածու նշանակուեցաւ 26-ամեայ ուսուցչուհի Էմմանուէլա Լամպրոբուլոս, որ զարմանք պատճառեց բոլորին, ներառեալ նոյնինքն ընտրեալին, որ յաղթեց նահանգային Ներգաղթի Նախարարուհի՝ Եոլանտ Ճէյմսի: Մօտ շաբաթ մը առաջ թեկնածուներու ցանկին չէր անցած Սէն-Լորանի երկարամեայ գործիչ եւ քաղաքապետ Ալան Տը Սուզա: Ընտրաշրջանի ընտրութիւնը (by-election) տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 3-ին:
Վերջերս, Սէն-Լորան ընտրաշրջանի նախկին երեսփոխան Սթէֆան Տիօն հրաժարած էր իր պաշտօնէն եւ նշանակուած էր Գերմանեայի մօտ Գանատայի Դեսպան:
Ուրբաթ, 24 Մարտի երեկոյեան, նշանակեալ թեկնածու Էմմանուէլա Լամպրոբուլոս այցելեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոն, ուր Միջինքի Ճաշկերոյթի առիթով հաւաքուած ստուար թիւով ժողովուրդէն սեղան առ սեղան շրջելով ընդունեց անոնց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները: Բոլոր ներկաներուն անունով ԹՄՄ-ի Ատենապետ՝ Արթօ Մանուկեան պաշտօնապէս շնորհաւորեց առաջին հանգրուանի անոր յաջողութիւնը եւ մաղթեց յաղթանակ մինչեւ Գանատական Խորհրդարանի անդամ ընտրութեան: Իր խօսքերուն մէջ քաղաքական գործիչ Վիգէն Աթթարեան շեշտեց թեկնածուին անխոնջ աշխատասիրութիւնը որ յայտնուեցաւ անոր դուռ առ դուռ բազմահազար այցելութիւնը ընտրաշրջանի տարածքին, լսելու համար ժողովուրդին հարցերը:
Թեկնածու Լամպրոբուլոս իր շնորհակալական խօսքերուն կողքին խոստացաւ որպէս երեսփոխան, շարունակել իր ընտրաշրջանի խօսափողը ըլլալ եւ հետապնդել երկրին եւ քաղաքին շահերը:
Էմմանուէլ Լամպրոբուլոս ուսուցչուհի է Րոզմոնդ երկրորդական վարժարանին մէջ: Շրջանաւարտ է ՄգԿիլ Համալսարանէն Bachelor’s վկայականով եւ նախագահն է ՄգԿիլ-ի Յոյն Ուսանողաց Միութեան: