Ամերիկացի գրող ու ճանապարհորդ Պրիւս Նորթըմ արկածասէրներուն առաջարկած է ինը երկիր, ուր կարելի է ապրիլ ամսական 1000 տոլարէն քիչ գումարով:
Անոր խօսքով՝ նման երկիրներէն մէկն ալ Հայաստանն է: Նկարագրելով Հայաստանը` հեղինակը կը յայտնէ, որ համալսարան աւարտած հայերը «անգլերէն թերեւս ձեզմէ ալ լաւ կը խօսին ու կը սիրեն ճատրակ»: Ճանապարհորդը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ շատ աժան են օրկանական մթերքները:
Այդ փոքր քրիստոնէական երկրին մէջ, անոր խօսքով, հազարաւոր եկեղեցիներ կան: Իբրեւ մատչելի ուղեւորութիւն` Նորթըմ կ՛առաջարկէ այցելել Նորավանքը: Բացի ատկէ Հայաստանի մէջ տարեկան 300 արեւոտ օրերը` լեռնային բնութեան հետ միասին, այդ տեղանքը կը դարձնեն օդապարիկներով թռչելու լաւագոյն վայրերէն մէկը աշխարհի մէջ:
Խօսելով գիներու մասին` հեղինակը կը նշէ, որ մէկ ննջասենեակով բնակարան վարձելը արժէ ամսական 140-էն 230 տոլար: Իսկ համաշխարհային մակարդակի օփերայի տոմսը արժէ ընդամէնը 6 տոլար:
Ճանապարհորդի ցանկին մէջ Հայաստանէն բացի ընդգրկուած են Պոլիւիան, Լաոսը, Նեփալը, Նիգարակուան, Զիմպապուէյը, Չեռնոգորիան, Կրենատան ու Ֆիճին: