Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ իրականացուած է ոսկրածուծի` արիւնաստեղծ ցօղունային բջիջներու երկու փոխպատուաստում:
«Այդ երկու անձը միելոմային հիւանդներ են, քիմիաբուժութենէն ետք հիւանդութիւնը կրկնուեցաւ: Այդ հիւանդներուն մօտ ցուցուած է ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստումը»,- ըսած է Եոլեանի անուան «Արիւնաբանական կեդրոն»-ի տնօրէն Սմբատ Դաղբաշեան:
Բժշկին խօսքով, փոխպատուաստումը միակ հնարաւորութիւնն է այս պարագային, որպէսզի կարենան երկարացնել անոնց կեանքը:
Հիւանդներէն մէկը Արցախէն է, միւսը` Հայաստանէն:
50-ամեայ Էլմիրան մինչեւ փոխպատուաստումը բժիշկին յայտնած է, որ կ՛ուզէ այն ժամանակաշրջանը, որ պէտք է ապրի, ըլլայ առողջ եւ զգալ կեանքը այնպէս, ինչպէս կայ: Եւ այդ կեանքը ապրիլ ընտանիքին հետ: «Հիւանդը կեանքի որակի բարձրացման խնդիր դրաւ»,- աւելցուցած է Սմբատ Դաղբաշեան:
Փոխպատուաստումը իրականացուած է Համպուրկ Էփենտորֆ հիւանդանոցի փոխպատուաստման բաժնի ղեկավար, փրոֆէսոր Նիքոլայուս Քրեօկըրի ղեկավարութեամբ: Անոր խօսքերով` սա ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացուող նորարարական մեթոդ է:
Հայաստանի մէջ փոխպատուաստման կարիք ունի տարեկան 60 հիւանդ: Այս տարի կը ծրագրուի 7-10 նման գործողութիւն կատարել: Բացի այդ` չի բացառուիր, որ հայ մասնագէտներուն կը սկսին դիմելու նաեւ հիւանդներ հարեւան երկիրներէն: