“80 ական խրախճանք” ը

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն- Մոնթրէալ

“80 ական խրախճանք” ը

Հոգ ընողին՝ հոգ չի պակսիր,

Ուրախին՝ ուրախութիւն չի պակսիր:

“80 ական խրախճանք”ը, 80 տարեկաններու համար չէր, այլ խրախճանք մըն էր, որ երիտասարդներու խումբ մը կազմակերպած էր, վայելելու ուրախ ու հաճելի երեկոյ մը, 1980 ական թուականներու երգերով ու պարերով: ԹՄՄ եան Ընկերային Յանձնախումբը ընտրած էր այս “բնաբան”ը (Theme) 25 Մարտ 2017 ի երեկոյի խամդավառ խրախճանքին համար:

Առատ ըմպելիներ, համեղ ուտելիքներ եւ ընկերային խաղեր աւելի կը շեշտէին “DJ Jano” ի ստեղծած ուրախ մթնոլորտը: Իսկ երիտասարդ- ուհիներ, բնաւ բեմահարթակը ազատ չէին ձգեր՝ զանազան պարերով ու շուրջպարերով:

Յանկարծ յայտարարուեցաւ, թէ BONEY M. խումբը ժամանած էր Մոնթրէալ. եւ զուարթ ու ուրախ երաժշտական չափով մուտք գործեց 4 հոգինոց պարախումբ մը, 80 ական BONEY M խումբի զգեստով եւ դիմայարդարումով: Ներ երիտասարդներն էին անոնք Անի եւ Մեղրիկ Գանձանակեանները, Յակոբ Շոհմէլեանը եւ Ցոլիկ Մուղարեանը , որոնքստեղծեցին պահանջուած խանդավառութիւնը

“DJ Jano”ն միշտ իր պարտականութեան գլուխն էր ոգեւոր մթնոլորտի մէջ պահելու պարող երիտասարդները:

Ընկերային խաղեր (թերթի խաղը եւ 80 ական երգիչներու անուններու ճանաչումը) մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներուն վրայ, որ պատրաստուած էին Վարդօ Մուղալեանի կողմէ:

Վիճակահանութիւնները պարգեւատրուեցան հաճելի նուէրներով:

Վերջապէս օրուան խօսնակը Նորա Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ցոյց տուած քաջալերանքին, իրենց ներկայութեամբ «բարի գիշեր» մաղթեց բոլորին:

Քանիցս յիշեցինք ուրախ բառը, որովհետեւ Թ.Մ.Մ.- եան «ընկերային յանձնախումբ»ի նպատակն էր ստեղծել այդ մթնոլորտը եւ որոշ դադար մը տալ մեր առօրեայ այս ճնշալից վիճակին… եւ յաջողեցան:

Շնորհաւորութիւններ ու նորանոր ուրախ դադարներ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ