ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ԴԷՊԻ ԻՍՐԱՅԷԼ

Հայաստանի Օդանաւային Ընկերութիւնը յայտարարած է թէ երկար բանակցութիւններէ ետք, համաձայնութիւն գոյացած է տարւոյս Մայիս 17-էն սկսեալ կանոնաւոր թռիչքներ կատարել Իսրայէլ: Երեւան-Թէլ Ավիվ շաբաթական երկու թռիչքները կը կատարուին Երեւանէն՝ ամէն Հինգշաբթի եւ Կիրակի օրերը: Երթ ու դարձի տոմսի գինն է 247 Եւրօ:

Հայկական օդանաւային կանոնաւոր սպասարկութիւններ զարգացած են Հայաստանի եւ Լիբանանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Վրաստանի եւ Յունաստանի միջեւ:

Հայաստանի իշխանութիւնները համոզուած են թէ Հայաստան-Իսրայէլ օդանաւային ուղղակի թռիչքները պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ իսրայէլի զբօսաշրջիկային եւ տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման: