Արցախի տնտեսութիւնը բարձր աճ ունեցած է նոյնիսկ պատերազմական 2016-ին

Հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը, չնայած ռազմական լարուածութեան մէջ գտնուելուն եւ ապրիլեան պատերազմին, անցեալ տարի շարունակած է յաջողութիւններ արձանագրել տնտեսական զարգացման մէջ:

Արցախի բնակիչները եւ երկրի տնտեսութիւնը կը գործեն` պատերազմի մշտական վտանգը նկատի ունենալով։

Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութեան կողմէն 2016-ի հասարակական-տնտեսական տուեալներուն հրապարակումը պատկերացում կու տայ երկրի տնտեսական զարգացման ներկայ կացութեան մասին: Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) 2016-ին Արցախի մէջ աճած է 9,2 տոկոսով: Եթէ նկատի ունենանք, որ ԼՂՀ տնտեսութիւնը սերտօրէն շաղկապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան հետ, ուստի, անցեալ տարի, Արցախի տնտեսութիւնը յաջողած է Հայաստանի ցած (0,2 տոկոս) տնտեսական աճի պայմաններով ապահովել բարձր տնտեսական աճ:

Երկու երկիրներուն տնտեսութիւններու ծաւալները, ի հարկէ, զգալիօրէն կը  տարբերին, եւ շատ յաճախ Հայաստանը իր վրայ կը վերցնէ այն վտանգները, որոնք կ՝անդրադառնան նաեւ Արցախի տնտեսութեան վրայ, սակայն, ամէն պարագայի երկնիշին մօտ տնտեսական աճ ապահովելը դիւրին խնդիր չէ: Յատկապէս կարեւոր է, որ աճը արձանագրուած է իրական հատուածի մէջ` արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան: 229,7 միլիառ դրամ կազմող ԼՂՀ համախառն ներքին արդիւնքին մէջ արդիւնաբերութիւնը տուած է 59 միլիառ դրամի արտադրանք, որ նախորդ տարուան համեմատ 9,7 տոկոսով աւելի է: Գիւղատնտեսական արտադրանքի ծաւալը կազմած է 68,5 միլիառ դրամ` աճելով 7,4 տոկոսով:

Արդիւնաբերութեան աճը մասնաւորապէս կապուած է հանքարդիւնաբերական արտադրանքի բարձր աճին` 39,2 տոկոս: Ցաւօք, մշակող ճիւղին մէջ արձանագրուած է անկում` 8,5 տոկոսով: Գիւղատնտեսութեան մէջ աճը յատկապէս կապուած է բուսաբուծութեան համախառն արտադրանքի աճին, որուն հակառակ` նուազած է անասնագլխաքանակը: Նկատի ունենալով, որ գիւղատնտեսութեան մէջ ընդգրկուած է երկրի բնակչութեան մեծ մասը, ինչպէս նաեւ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի համար պարէնային ինքնաբաւութեան ապահովելու կարեւորութիւնը, յաւելեալ խթանման քայլեր անհրաժեշտ են այս ճիւղի զարգացման համար:

Շինարարութեան մէջ անկում արձանագրուած է 9 տոկոսով: 45,7 միլիառ դրամի շինարարութեան ծաւալին մեծ մասը` 30,4 տոկոսը, կատարուած է պետական պիւտճէի, մնացածը` կազմակերպութիւններու, այլ միջոցներու, մարդասիրական օգնութեան եւ արտապիւտճէթային միջոցներու հաշուին: Այս տարի հաւանաբար շինարարութեան ծաւալներու որոշակի աճ արձանագրուի, ուր կարեւոր դեր պիտի ունենան անցեալ տարուան Ապրիլին աւերուած Թալիշի եւ քանի մը այլ սահմանային բնակավայրերու մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքները:

Անկում արձանագրուած է նաեւ առեւտրաշրջանառութեան մէջ` 12,6 տոկոսով, որ կապուած է Հայաստանի եւ յարակից երկիրներու մէջ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուած պահանջարկի նուազման հետ: Առեւտրաշրջանառութեան նուազումը եւ գնանկումը մէկը միւսով փոխպայմանաւորուած են, եւ, բնականաբար, անցեալ տարի Արցախի մէջ արձանագրուած է նաեւ գնանկում` 2016-ի Դեկտեմբերին 2015-ի Դեկտեմբերի համեմատ` 1,4 տոկոսով: Այդուհանդերձ, բնակչութեան դրամական եկամուտները եւ ծախսերը որոշ չափով աճած են` առաջինը` 3,6 տոկոսով` կազմելով 161,6 միլիառ դրամ, երկրորդը` 3,3 տոկոսով, կազմելով 155,6 միլիառ դրամ, նախորդ տարուան համեմատ աւելցած են 3,3 տոկոսով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը անցեալ տարի ԼՂՀ-ի մէջ կազմած է 152,7 հազար դրամ` աճելով 1,1 տոկոսով:

Հետաքրքրական է, որ պետական հատուածին մէջ աշխատավարձը աւելի բարձր է` 171,4 հազար դրամ, որ նախորդ տարուան համեմատ աճած է 2 տոկոսով, իսկ մասնաւորի մէջ` 135,9 հազար դրամ կամ 2,6 տոկոսով աւելի նախորդ տարուան համեմատ: Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 2016-ին փաստացի գիներով կազմած է 338 միլիոն տոլար, որուն ապրանքներու արտահանումը` 81,1 միլիոն տոլար, ներմուծումը` 256,9 միլիոն տոլար: Տոկոսային առումով արտահանումը աւելի մեծ աճ արձանագրած է` 7,4 տոկոսով, ներմուծման 1,7 տոկոս աճի պայմաններով, որ որոշակիօրէն` 7,7 տոկոսով նուազեցուցած է բացասական առեւտրային հաշուեկշիռը: Այդուհանդերձ, ներմուծումը դեռ էապէս` 175,8 միլիոն տոլարով կը գերազանցէ արտահանումը:

Եւ, վերջապէս, ամենալաւատեսական վիճակագրական տուեալը Արցախէն. անցեալ տարի բնական աճ արձանագրուած է` ծնածներու եւ մահացածներու տարբերութիւնը յօգուտ ծնածներու եղած է 1249 մարդ: