Foreign Policy հեղինակաւոր պարբերականի տրամադրութեան տակ յայտնուած է ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պիւտճէին վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, որ բաղկացած է 15 էջէ:
Փաստաթուղթին համաձայն` Միացեալ Նահանգները մեծապէս պիտի կրճատէ զարգացող երկիրներուն տրամադրուող ֆինանսական օգնութիւնը` գումարները վերաուղղելով ազգային անվտանգութեան խնդիրներով զբաղող ծրագիրներուն: Բացի այդ, կը նախատեսուի, որ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, որ պատասխանատու է այլ երկիրներուն օգնութեան համակարգման համար, պիտի միացուի ԱԳՆ-ին: Տեղեկատուութեան համաձայն` Թրամփի վարչակազմը կը նախատեսէ կրճատումներ ընել 2018 ֆինանսական տարուան համար:
Ըստ պիւտճէի նախագիծին` Միացեալ Նահանգները Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսական օգնութիւնը պիտի կրճատէ 77.3 տոկոսով: Նախատեսուած 17.633 միլիոն տոլարի օգնութեան փոխարէն Հայաստանին 4 միլիոն տոլար: 100 տոկոսով պիտի կրճատուի նաեւ Ատրպէյճանին եւ Պելառուսիոյ տրամադրուող օգնութիւնը, Վրաստանին տրամադրուող օգնութիւնը պիտի կրճատուի 41.%-ով (47.512 միլիոն տոլարէն մինչեւ 28 միլիոն տոլար):