Ապրիլ 26-ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հերթական նիստը:
ԱՀ կառավարութեան ներկայացուած զեկոյցներուն համաձայն՝ 2016-ին Արցախի կառավարութեան սեփական եկամուտները կազմած են 33.9 միլիառ դրամ: Բացի շինարարութենէն, աճ արձանագրուած է տնտեսութեան միւս բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Հայաստանէն ստացուած միջպետական վարկը կազմած է 42 միլիառ 226 միլիոն դրամ:
Զեկոյցներուն համաձայն՝ շնորհիւ ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտէն ներս կատարուած ներդրումներուն, յատկապէս Սոտքի ելեկտրակայանին կառուցումով՝ Արցախ 2020-ին պիտի դառնայ ելեկտրական ուժ ներածողի փոխարէն ելեկտրականութիւն արտածող երկիր: