ԾԱՆՕԹ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆ ՎԻԳԷՆ ԱԹԹԱՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Առաջին անգամը չէր որ գաղութիս հանրածանօթ ընկերաբան եւ հմուտ քաղաքագէտ Վիգէն Աթթարեան կը հմայէր իր ունկնդիրները բարդ եւ կենսական նիւթի մը իւրայատուկ վերլուծումներով: «Հայկական Սփիւռքն ու իր Ապագան – Ախտաճանաչում մը» ան ներկայացուց Ուրբաթ, 18 Ապրիլին, ԹՄՄ-եան սրահը ամբողջութեամբ լեցնող աւելի քան հարիւր ներկաներու:
Պրն. Աթթարեան նոյն թեման բազմաթիւ առիթներով ներկայացուցած է հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ, միշտ խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Սահիկներու ընկերակցութիւնը, իր ներկայացուցած նիւթը աւելի հասկնալի եւ մատչելի կը դարձնէ ունկնդիրներուն: Ինչպէս հիւանդի մը պարագային որ բժիշկին կը ներկայանայ դարմանումի համար, նախ պէտք է ճիշդ ախտաճանաչումը կատարել եւ ապա՝ ճիշդ դարմանը կիրարկել: Սակայն յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ սփիւռքը մակընթացութեան եւ տեղատուութեան անկայուն վիճակ մը կը ներկայացնէ: Օրինակ առնելով Եգիպտոս ծնած հայը որ կը ներգաղթէ Գանատա ու վերջապէս կը հաստատուի Չինաստան, անկայուն սփիւռքի մը մասնիկը կը ներկայացնէ: Բազմաթիւ հարցերու կողքին, Արեւմտահայերէնի արագօրէն անհետանալու վտանգը լուրջ հարց մըն է: Պատկերը մռայլ է սակայն իրատեսութեամբ պէտք է դիմագրաւել կացութիւնը ու համասփիւռքեան եւ Հայրենիքի հետ սերտ գործակցութեամբ պէտք է լուծումներ որոնել, եզրակացուց յարգելի բանախօսը:
Կատարուեցան բազմաթիւ հարց-պատասխաններ մինչեւ ուշ գիշեր, եւ ներկաները բաժնուեցան բազմաթիւ մտորումներով:
Մեկնումէ առաջ, մեր համայնքի ծանօթ անդամներէն Տիկին Այտա Գարիպեան յարգելի բանախօսին նուիրեց իր արուեստի գործերէն գեղեցիկ պաստառ մը:
Ներկայ մը