Կարօ Փայլան համագաղութային աննախադէպ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Մոնթրէալի մէջ

Քէպէքի Հայ Կազմակերպութիւններու Միացեալ Խորհուրդին հրաւէրով, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան Երկուշաբթի՝ 1 Մայիս 2017-ին, երկօրեայ այցով ժամանեց Մոնթրէալ, ու նախքան իր համագաղութային աննախընթաց ելոյթը, ի շարս այլ հայկական կազմակերպութիւններու, ան այցելեց Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը, ուր շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան հետ, եւ ընդունուեցաւ ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչականներու ու զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ համաժողովրդային իր ելոյթը Հայ Կեդրոնի մարզասրահին մէջ, տեղւոյս բոլոր հայ եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավար դէմքերուն, եւ աննախընթաց թիւով՝ շուրջ 1500 հայորդիներու մասնակցութեամբ, ոչ միայն գրաւուած էին սրահի բոլոր աթոռները, այլ նաեւ ոտքի կանգնելու տեղ չէր մնացած:

Ներկաները բուռն ծափահարութիւններվ ողջունեցին Կարօ Փայլանի սրահ մուտքը: Հանդիսավար Րաֆֆի Երէցեան իր յաւուր պատշաճի խօսքէն ետք ներկայացուց Կարօ Փայլանը: Ներկաներու երկարատեւ ծափահարութիւնները ընդունելէ ետք Փայլան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով նախ յայտնեց, թէ իր ծննդավայր Մալաթիայէն ունի ընտանեկան եւ ազգականական կապեր Գանատայի մէջ, ու յետոյ անդրադարձաւ Թուրքիոյ խառնակ վիճակին, շեշտելով, որ Հայկական Հարցի հետապնդումը կը մնայ առաջնահերթ, որքան ալ աննպաստ ըլլան պարագաները: Ան հաւաստիացուց, թէ որեւէ սպառնալիք չի կրնար կասեցնել մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ընթացքը: Պրն. Փայլան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ դեմոկրատացումը նախապայման է Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայերու իրաւունքներու արդար լուծման յանգելու համար: Աւարտին տեղի ունեցւ հարց-պատասխան:

Յաջորդ օր Կարօ Փայլան այցելեց Գանատայի Հայոց Առաջնորդարան ու հիւրընկալուեցաւ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Սրբ. Յովակիմեանի եւ հոգեւորական ու թեմական ներկայացուցիչներու կողմէ: