Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի եւ Կլէնտէյլ-Փասատինա Մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր Ատենապետ Երուանդ Ազատեանին։
Երուանդ Ազատեան, Փոխ-Գանձապահ Գէորգ Մարաշլեան եւ Վարիչ Տնօրէն Արամ Արքուն Լոս Անճելըս կը գտնուէին հանդիպելու կարգ մը ուսումնական հաստատութեանց վարիչներուն հետ, որոնելու համար կարելիութիւններ՝ Միութեանս Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի բարերարներուն ժառանգը շարունակելու, ուսումնական ոլորտներու մէջ։
Հոս պէտք է աւելցնել որ Կեդրոնական Վարչութիւնը նշանակած է յատուկ յանձնախումբ մը (Feasibility Committee) որու պարտականութիւնն է ուսումնասիրել Մեծն Լոս Անճելըսի հայահոծ շրջանները, ուր հայերէն լեզուի ուսուցման կարիքը կայ եւ յանձնարարել միջոցներ թէ ինչպէս գոհացում կարելի է տալ այդ պակասը լրացնելու։
Օգտուելով Ազատեանի, Մարաշլեանի եւ Արքունի Լոս Անճելըս գտնուելու պատեհ առիթէն, Միութեանս Արեւմտեան ափի զոյգ մասնաճիւղերը (Լոս Անճելըս եւ Կլէնտէյլ-Փասատինա) կազմակերպեցին վերոյիշեալ հանդիպում-ընդունելութիւնը որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միութեան Ալթատինայի Պէշկէթիւրեան կեդրոնին մէջ։
Կազմակերպիչ Յանձնախումբին կողմէ Գէորգ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց այնտեղ հաւաքուած Միութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բարեկամներուն եւ ապա հրաւիրեց Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Աւագ Քահանայ Արզումանեանը որ օրհնէ սեղանը։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Պրն. Քէօշկէրեան ներկայացուց հիւրերը եւ հրաւիրեց Ատենապետ Երուանդ Ազատեանը որ ներկայացնէ Կեդրոնական Վարչութեան ծրագրած գործունէութիւնները, ապագայի նկատմամբ։
Պրն. Ազատեան դիտել տուաւ որ հազուագիւտ է որ մշակութային միութիւն մը կոչուի անձի մը անունով։ Սակայն՝ անմիջապէս աւելցուց ան, բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան որեւէ պարզ մահկանացու մը չէ, այլ մեր ազգի անցեալին մէջ լիովին մխրճուած ու փայլուն տեսլականով մը շէնշող ապագային նայող եզակի անձ մը, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ մէն մի հայուն սիրտն ու հոգին. Թէքէեան անձ մը ըլլալով հանդերձ խորհրդանիշ մը դարձած է ազգային գաղափարաբանութեան:
Պրն. Ազատեան շարունակեց ըսելով որ մենք դժուար ճակատամարտեր կը դիմագրաւենք այսօր ու թէեւ մեր միութիւնը յարաբերաբար երիտասարդ է՝ հիմնուած 1947 թուականին, սակայն հարուստ է արդիւնաբեր գործունէութեամբ՝ որ կը տարածուի Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հայաստան ու Արցախ։
Թուելով Միութեան նախաձեռնած ծրագիրները, Պրն. Ազատեան նշեց «Ուսուցիչ մը Հովանաւորելու» գաղափարը՝ որ յղացուած էր 17 տարիներ առաջ եւ տակաւին կը շարունակուի։ Միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ 5 դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ գործաւորներուն՝ Երեւանի, Կարպիի, Կիւմրիի, Ստեփանավանի եւ Արցախի մէջ։
Պրն. Ազատեան հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ այն մասին թէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը առաջինն էր որ հաստատած էր մշակութային կեդրոն մը Հայաստանի մէջ, եւ այդ՝ անկախութենէն անմիջապէս ետք։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Միութեանս որդեգրած սրբազան պարտականութեան՝ մեր լեզուն ու գրականութիւնը պահպանելու եւ առ այդ, այսօր Հայաստանի մէջ հիմնուած է գրական ու գեղարուեստական հինգ մրցանակներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն։
Գրական եւ գեղարուեստական գիրքերու հրատարակութիւնը՝ շարունակեց Պրն. Ազատեան, մի այլ ծրագիր մըն է որուն Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը զարկ կու տայ՝ քաջալերելու գրականութեամբ զբաղուող մտաւորականները։ Մենք անկախութենէն ի վեր հրատարակած ենք 20 գրական հատորներ եւ նոյն թիւով պատմագիտական եւ գրականագիտական գործեր եւ այս կարեւոր գործը դեռ պիտի շարունակուի։
Խօսելով Միութիւնս մտահոգող հարցերու մասին, Պրն. Ազատեան ցաւ յայտնեց որ պէտք եղած չափով չեն կրցած երիտասարդները ներգրաւել ղեկավար շարքերէն ներս։ Սերնդափոխութիւնը խիստ անհրաժեշտ է որեւէ միութեան մը, որպէսզի ժամանակին հետ քայլ պահէ ան ու լճացման չ՛ենթարկուի, շեշտեց Պրն. Ազատեան։ Իր գլխաւոր նպատակը կը մնայ սերնդափոխութիւնը:
Ուրիշ խոցելի կէտ մըն ալ մեր ազգին մէջ այն է թէ՝ իրենց գործերուն մէջ յաջողութիւն գտած անհատներ, յաճախ անճրկած են հաւաքական կեանքի մէջ ու չեն կրցած հասցնել այդ հաւաքականութիւնը՝ իրենց կերտած անձնական յաջողութեանց մակարդակին։
Ներկայացման աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։ Խիստ հետաքրքրական ու տեղին էր Պերճ Տէր Սահակեանի հարցումը թէ ինչո՞ւ Վահան Թէքէեանի անունով փողոց մը չէ անուանուած Երեւանի մէջ, հակառակ որ Վահէ Վահեանի անունով փողոց մը գոյութիւն ունի։
Պրն. Ազատեան պատասխանեց թէ վերջերս Դանիէլ Վարուժանն ալ արժանացած էր այդ պատիւին եւ կը յուսայ որ շուտով կարգը կու գայ Վահան Թէքէեանին . . . Փոքր խումբերով հաճելի զրոյցները դեռ երկար շարունակուեցան, գաւաթ մը սուրճի շուրջ, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին։
ԹՂԹԱԿԻՑ