Մայիս 22ին Գանատայի մայրաքաղաքը՝ Օթթաուայի մէջ աւարտեցաւ Վարդակակաչներու նշանաւոր փառատօնը: Գանատայի մայրաքաղաքը բազմաթիւ հիւրեր ընդունեց, քաղաքին մէջ ու անոր շուրջը փառաբանուեցաւ գարնանային նրբագոյն ծաղիկը իր գունային բոլոր երանգներով: Հիւրերը կրկին հիացան քաղաքը պատած շքեղութեամբ, եւ անգամ մը եւս տեղեկացան այն մասին, թէ Օթթաուայի մէջ ամէն գարնան տեղի ունեցող այս շքեղ ծաղիկներու տօնի հիմնադիրն է հայազգի լուսանկարիչ՝ Մալաք Քարշ, հռչակաւոր Եուսուֆ Քարշի եղբայրը:
Մալաք Քարշի լուսանկարներուն շնորհիւ Օթթաուան պատկերուած է որպէս ծաղկող եւ շնչող մայրաքաղաք եւ դարձած՝ Գանատայի գլխաւոր զբօսաշրջութեան կեդրոններէն մին:
Մալաք Քարշ իր եղբօր՝ Եուսուֆ Քարշի պէս ծնած է Մարտին քաղաքը, Եուսուֆը՝ 1908 թուականին, իսկ Մալաքը՝ 1915 թուականին: Անոնց ընտանիքը նախ փոխադրուած էր Հալէպ, ուրկէ ծնողքը աւագ որդին ղրկած էր Գանատա, ուր ան ստացած էր կրթութիւն եւ կ՚աշխատէր իր մօրեղբօր՝ նոյնպէս լուսանկարիչ Նաղաշի մօտ։ Լուսանկարչական տաղանդը Եուսուֆ Քարշի քայլերը առաջնորդած էր Պոսթոն՝ լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ։ Չորս տարի վերջ վերադարձած է Գանատա եւ ստեղծած իր աշխատանոցը Օթթաուայի կեդրոնին մէջ։ Անոր միացած է նաեւ եղբայրը՝ Մալաք Քարշ։ Երկու հայ եղբայրներ լուսանկարչական արուեստը բարձր գագաթներու հասցուցած են Գանատայի մէջ, ուրկէ անոնց լուսանկարները տարածուած են աշխարհով մէկ: Մալաք Քարշ 1941 թուականին Օթթաուայի մէջ հիմնած է իր լուսանկարչական սթիւտիոն եւ իբրեւ օգնական աշխատանքի ընդունած՝ Պարպարա Ֆրէյզըրը, որ մէկ տարի ետք դարձած է իր կինը:
Եթէ Եուսուֆ Քարշ մեծամասնութեամբ քաղաքական գործիչներու եւ նշանաւոր մարդոց իր կատարած դիմանկարներով յայտնի է, ապա Մալաք Քարշ պատկերած է բնութիւն, քաղաքի տեսարաններու գեղեցկութիւն, նշանաւոր վայրեր, Օթթաուա գետը եւ հետաքրքրական իրադարձութիւններ, որոնք այսօր ունին պատմական նշանակութիւն: Անոր լուսանկարները տեղ գտած են օրացոյցներու, ամսագիրներու կողքերու, գունաւոր հրատարակութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ գանատական տոլարին վրայ: Օթթաուայի մէջ ոչինչ վրիպած էր հայ լուսանկարիչի աչքէն, սակայն անոր լուսանկարներու գլխաւոր նիւթը վարդակակաչներն էին: Ամէն տարի ան նոյն ջանասիրութեամբ կը լուսանկարէր հազարաւոր վարդակակաչներ, ի ցոյց դնելով այդ ծաղիկի գոյներն ու նրբերանգները: Իսկ առաջին վարդակակաչի լուսանկարը Բ. Աշխարհամարտէն ետք Գանատայի խորհրդարանին առջեւ առաջին անգամ ծաղկած վարդակակաչներու լուսանկարն էր: 1946 թուականին առնուած այդ լուսանկարը դարձած է պատմական լուսանկար: Այդ լուսանկարէն քանի մը տարի ետք՝ 1952 թուականին, Մալաք Քարշ յղացած է Վարդակակաչներու փառատօնը հիմնելու գաղափարը:
Վարդակակաչներու փառատօնը դարձած է Օթթաուայի ամենէն նշանաւոր փառատօնը եւ Մալաք Քարշ մինչեւ իր մահը՝ 2001 թուական, եղած է փառատօնի պատ-ւաւոր նախագահը: Մինչեւ իր կեանքին վերջը ան լուսանկարչական մեքենան վար չէ դրած: Վերջին լուսանկարը, որ Մալաք Քարշի ստորագրութեան կը պատկանի, առնուած է իր մահէն երկու օր առաջ:
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի կ՚ունենան Վարդակակաչներու փառատօններ: Նշանաւոր են Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական կարգ մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վարդակակաչներու փառատօնները, բայց Օթթաուայի փառատօնի ստեղծման պատմութիւնը աւելի հոգեհարազատ է հայերուս, քանի որ անոր հիմնադիրը հայ է:
Այսօր Մալաք Քարշի լուսանկարները կը գտնուին Գանատայի նշանաւոր կեդրոններուն մէջ, Ազգային պատկերասրահներէն եւ ցուցասրահներէն ներս կը ցուցադրուին Մալաք ստորագրութեամբ բազմաթիւ գործեր, որոնք գանատացի ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի մասը դարձած են: Որպէսզի իր նշանաւոր եղբօր անունին հետ շփոթութիւն չյառաջանար, Մալաք Քարշ կը ստորագրէր պարզապէս Մալաք: Malak of Ottawa. այսպէս կը կոչ-ւի հայազգի լուսանկարիչի պատուին հիմ-նըւած համացանցային կայքէջը, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած է իր կեանքը, գործունէութենէն դրուագներ, լուսանկարներ, որոնք ի ցոյց կը դնեն իր անսահման աշխատասիրութիւնը, նուիրումը՝ լուսանկարչական արուեստին եւ սէրը այն երկրին հանդէպ, ուր ինք բնակած է եւ որ իրեն ու իր նման հազարաւոր հայերու ապրելու եւ գործելու ասպարէզներ տրամադրած է: Մալաք Քարշի Օթթաուայի փառաբանման նուիրուած լուսանկարները հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան խօսքն են նաեւ գանատական կառավարութեան, որ զանազան հանգրուաններու նեցուկ կանգնած է հայ ժողովուրդին, անոր զաւակները ընդունելով հարազատ զաւկի պէս, իսկ հայերը արդարացուցած են իրենց հանդէպ եղած այդ վստահութիւնը եւ Գանատայի պատմութեան մէջ մտած՝ իբրեւ ստեղծարար ու նուիրեալ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ:
Իր կենդանութեան ժամանակ Մալաք Քարշ հրատարակած է շուրջ տասն պատկերագիրքեր, որոնց մէջ իր լուսանկարներով աշխատութիւններ կան նուիրուած վարդակակաչներու կապակցութեամբ եղած բանահիւսութեան, կան գանատական խորհրդարանի եւ նշանաւոր շէնքեր՝ զանազան տարիներու, պատկերագիրք մը խորագրուած է «Գաթինօ», որ կը պատկերէ Գաթինոյի եւ անոր տարածքին հոսող եւ Օթթաուա գետ հասնող նշանաւոր գետի գեղեցկութիւնը: Մալաք լուսանկարած է նաեւ գանատական այլ վայրերու տեսարաններ, հաւատացած ըլլալով, որ Գանատայի գեղեցկութիւնը կը պատկանի ողջ երկրի ժողովուրդին եւ ինք ահա լուսանկարներու միջոցաւ կը բաշխէ այդ գեղեցկութիւնը երկրի տարածքին: Իր լուսանկարներով ստեղծուած են հազարաւոր բացիկներ, նամակատուփեր, յուշանուէրի քարտեր եւ գեղարուեստական հրատարակութեան այլ նմոյշներ, որոնք այսօր կը շարունակեն վերահրատարակուիլ, իրենց վրայ կրելով Մալաք անմոռանալի անունը:
Մալաք Քարշ արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, որոնցմէ է Գանատայի բարձրագոյն պարգեւը՝ Գանատայի շքանշանը: Իր կենդանութեան ժամանակ ան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ունեցած է Գանատայի Ազգային պատկերասրահին, Գանատայի Ժամանակակից լուսանկարչութեան թանգարանին, Օթթաուայի Արուեստի պատկերասրահին եւ այլ վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ յետմահու կազմակերպուած ցուցահանդէսներ:
Մանաւանդ վարդակակաչներու փառատօններուն, Մալաք Քարշի լուսանկարներուն մէջ կ՚առանձնանան այն բոլոր նշանաւոր մարդիկը, որոնք ամէն տարի Մայիսին տեղի ունեցող փառատօնին մասնակից եղած են: Մալաք այդ մարդիկը լուսանկարած է վարդակակաչներուն մէջ, այդպէսով անմահացնելով թէ՛ նշանաւոր մարդոց դիմանկարները եւ թէ իր սիրած ծաղիկները: Այդ մարդոց կարգին են Գանատայի նախկին վարչապետներ, երկրի քաղաքական, մշակութային կեանքի երեւելիներ իրենց ընտանիքներուն հետ, որոնք Մալաք պատկերած է Վարդակակաչներու հետ կարծես երկխօսութեան մէջ մտած պահուն:
Այսօր, յիրաւի պատմական դարձած են այդ լուսանկարները, որ ոչ միայն գանատական արուեստին կը պատկանին, այլ՝ համաշխարհային լուսանկարչական արուեստին: Բոլոր այդ լուսանկարները Մալաքի համացանցային էջին մէջ խմբուած են «Նշանաւոր մարդիկ Վարդակակաչներով» խորագրին տակ եւ հետաքրքրական պատմական յիշողութիւններ կ՚արթնցնեն Գանատայի պատմութեան ծանօթ մարդոց քով: Մալաք վարդակակաչներուն հետ լուսանկարած է Հոլլանտայի թագուհի՝ Եուլիաննան, Գանատայի վարչապետներ՝ Լուի Ստեֆան Սեն Լորանը, Լեսթէր Փիրսոնը, Ճո Քլարքը, Ժան Քրեթիէնը, Օթթաուայի քաղաքապետուհի՝ Շարլոթա Ուիթթոնը, քաղաքական գործիչ՝ Ճոն Տիֆենպէյկերը, այլ քաղաքական գործիչներ իրենց կիներուն եւ ընտանիքներուն հետ: Իրեն՝ Մալաք Քարշին, վարդակակաչներու հետ եւ Գանատայի այլ նշանաւոր վայրերու մէջ լուսանկարած է իր կինը՝ Պարպարա Քարշը, որ մինչեւ վերջ նեցուկ եւ հաւատարիմ մնացած է իր կողակցին եւ գործընկերոջ, դառնալով անոր հիմնական օգնականը, քաջալերողը:
Այս տարի Օթթաուայի Վարդակակաչներու փառատօնին նշուեցաւ փառատօնի հիմնադրման 65-ամեակը եւ նուիրուած էր Գանատայի հիմնադրման 150-ամեակին: 150 շքեղ ու իւրայատուկ վարդակակաչներ՝ ճերմակ եւ կարմիր գոյներով, փառատօնի հազարաւոր վարդակակաչներէն առանձնացան, անուանուեցան Գանատա եւ դրուեցան Գանատայի ամենէն նշանաւոր հանրային վայրերուն մէջ՝ խորհրդանշելով աշխարհի բարեկեցիկ երկրներէն մէկուն հիմնադրման յոբելեանը:
ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՐՇ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ «ՇԱԹՕ ԼՈՐԻԷ»
Երբ այս օրերուն Օթթաուայի մէջ տեղի կ՚ունենար մայրաքաղաքի ամենէն նշանաւոր ու խոշոր փառատօնը, անդին, գանատական գլխաւոր քաղաքի նշանաւոր պանդոկներէն մէկուն առջեւ կ՚ընթանային շինարարական աշխատանքներ, որոնք տակաւին կը շարունակուին: Օթթաուայի «Շաթօ Լորիէ» (Chateau Laurier) պանդոկին առջեւ կը տեղադրուի 20-րդ դարու մեծագոյն լուսանկարիչներէն մէկը նկատուող Եուսուֆ Քարշի արձանը: Շինարարական աշխատանքներու մեկնարկին անձամբ ներկայ եղած է Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արմէն Եգանեան: Դեսպանի ջանքերով է որ կեանքի կոչուած է այս հայանպաստ նախաձեռնութիւնը: Մէկ ամիս առաջ Արմէն Եգանեան Օթթաուայի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ համաձայնագիր մը ստորագրած է քաղաքին կեդրոնը տեղադրելու հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ, միեւնոյն ատեն՝ Գանատայի պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը ունեցող մեծագոյն լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի կիսանդրին: Արմէն Եգանեան համաձայնագիրը ստորագրած պահուն յայտարարած է, որ այս մէկը երախտապարտ հայ ժողովուրդի նուէրն է գանատացի ժողովուրդին՝ Գանատայի 150-ամեակին եւ հայ-գանատական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առթիւ: Ահաւասիկ դեսպանին եւ անոր տիկնոջ՝ Մարիա Եգանեանի ջանքերուն ընդառաջած են քաղաքական իշխանութիւնները եւ սիրով համաձայնած՝ քաղաքին մէջ ունենալ, ձեւով մը քաղաքի խորհրդանիշ դարձած Եուսուֆ Քարշի յիշատակի վայրը: Պանդոկը, որուն առջեւ կը զետեղուի արձանը, այն պանդոկն է, ուր Եուսուֆ Քարշ եւ իր տիկինը՝ Էսթրելիթա Քարշ, ապրած են շուրջ տասնութ տարի եւ հոն Քարշ կազմակերպած է իր առաջին ցուցահանդէսը: Արձանի վերջնական տեսքով Եուսուֆ Քարշ պիտի երեւի իր լուսանկարչական անբաժան մեքենան ի ձեռին, իսկ արձանագործական մտայղացման հեղինակը գանատահայ արձանագործ, բժիշկ՝ Մկրտիչ Տարագճեանն է, որ նաեւ քանդակած է այլ հայ մեծերու՝ Կոմիտասի, Չարենցի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Արշիլ Կորքիի եւ այլոց կիսանդրիները:
Գանատացիներուն, մանաւանդ՝ Օթթաուայի հնաբնակներուն, Եուսուֆ Քարշը ներկայացնելու կարիք չկայ. անոնք արձանէն անմիջապէս կը ճանչնան քաղաքի ծանօթ լուսանկարիչը, որ անցեալ դարու կէսերուն կերտած է հանրահռչակ մարդոց դիմանկարները:
Եուսուֆ (Յովսէփ) Քարշ ծնած է անցեալ դարասկիզբին՝ Մարտինի մէջ։ 1922 թուականին իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ, ուրկէ անցած է Գանատա: Շուտով իր աշխատանքները սկսած էին գրաւել հանրութեան ուշադրութիւնը։ Քարշի նկարահանած դէմքերու շարքին կը գտնուին Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին, Ֆիտէլ Քասթրօ, Խրուշչեւ, Պեռնար Շոու, Էրնեսթ Հեմինկուէյ, Ալպերթ Այնշթայն, Փապլօ Փիքասօ, Օտրի Հեփպէօրն, Մուհամմէտ Ալի, Մայր Թերեզա, Ուինսթըն Չըրչիլ եւ այլք: Այդ լուսանկարներէն՝ մանաւանդ Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետներէն Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի լուսանկարը, մեծ համբաւ բերած է հայ լուսանկարիչին:
Գանատայի խորհրդարանի խօսնակի գրասենեակին մէջ առ այսօր կախուած է Չըրչիլի այդ դիմանկարը, որ աշխարհով մէկ ճանչցուած է որպէս Չըրչիլի ամենէն շատ վերատպուած լուսանկարը: Քարշ բազմապատկած է իր հռչակը նկարելով Չըրչիլը Օթթաուա այցելութեան ընթացքին։ 1941 թուականին, երբ Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետը ելոյթ պիտի ունենար Գանատայի խորհրդարանէն ներս, զինք նախապէս չէին զգուշացուցած, որ պիտի լուսանկարուի, բնականաբար ան ալ տրամադրուած չէր: Եուսուֆ Քարշ ունէր շատ սահմանափակ ժամանակ, երբ Չըրչիլ Համայնքներու պալատէն դէպի նախասենեակ պիտի անցնէր: Երբ Եուսուֆ կը խնդրէ Չըրչիլէն ստանալ իր դիմանկարը, վերջինս հազիւ կը համաձայնի եւ միայն երկու վայրկեան կը տրամադրէ ատոր համար: Քարշ կը նկատէ, որ Չըրչիլի ատամներուն արանքը գտնուող սիկառը համահունչ չէ իր դէմքի լրջութեան հետ, այդ պատճառով ալ նկարիչը կը խնդրէ հանել զայն:
Ստանալով Չըրչիլի մերժումը՝ երիտասարդ լուսանկարիչը կը դիմէ իր կեանքի թերեւս ամենէն յանդուգն քայլին: Ան կը մօտենայ, ներողութիւն կը խնդրէ Չըրչիլէն, առանց համաձայնութիւն ստանալու իր իսկ ձեռքով դարու մեծագոյն քաղաքական գործիչներէն մէկուն բերնէն կը հանէ սիկառը: Ապշահար եղած այդ անսպասելի արարքէն՝ Չըրչիլ Եուսուֆ Քարշին կը նայի զայրալից հայեացքով եւ արդէն կը պատրաստուի դուրս հրաւիրել իրեն, երբ կը լսուի լուսանկարչական գործիքի կոճակին ձայնը: Պատմական լուսանկարը ի կատար ածուած էր:
Ծանօթ է, որ Չըրչիլ այդ դէպքէն ետք Եուսուֆ Քարշին ըսած է. «Դուն մռնչացող առիւծն անգամ կարող ես ստիպել հանգիստ կանգնիլ լուսանկարուելու համար»: Ահա թէ ինչո՛ւ Եուսուֆ Քարշ իր ամենէն ծանօթ լուսանկարը խորագրած է «Մռնչացող առիւծը»:
Անուշ Թրուանց/ Ժամանակ, Պոլիս