Զբօսաշրջային հոսքը աւելցնելու համար՝ Հայաստանը Ռուսիոյ ու Իրանի ուղղութեամբ կը սկսի թիրախաւորուած զբօսաշրջային քաղաքականութիւն:
Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան նշած է, որ աշխոյժ ծրագիրներ կ՝իրականացնեն երկու ուղղութիւններով ալ:
«Նախ միջազգային ցուցահանդէսներու մասին: Արդէն մասնակցած ենք Թեհրանի մէջ կայացած միջազգային ցուցահանդէսին, կը նախատեսենք մասնակցիլ Ռուսիոյ մէջ «Отдых» միջազգային ցուցահանդէսին: Արդէն քննարկումներու մէջ ենք հայաստանեան մասնաւոր ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ ռուսական կողմի հետ»,- ըսած է Մեխակ Ապրեսեան:
Ելեկտրոնային շուկայականութեան ծիրէն ներս Հայաստանը մասնակցած է Ռուսիոյ մէջ «Փրոֆի թրաւըլ»-ի կողմէն կազմակերպուած ելեկտրոնային ցուցահանդէսին: Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի պաշտօնեաներու, ընկերութիւններու, պետական հատուածի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ռուսական շուկայի լայն լսարանին ներկայացուած են մեր երկրի զբօսաշրջութեան ոլորտի հնարաւորութիւնները, առանձնայատկութիւնները, հայկական զբօսաշրջային շուկայի յստակ արդիւնքները: Մեխակ Ապրեսեան նկատած է, որ իրենց ծրագիրները ստացած են բաւական լաւ արձագանգ:
«Ռուս զբօսաշրջիկներու ծիրէն ներս մեծ հետաքրքրութիւն ստացաւ Երեւանի մէջ իրականացած «Գինիի օրեր» ձեռնարկը, անիկա համընկաւ մայիսեան տօներուն հետ եւ այդ օրերուն Ռուսիայէն Հայաստանի զբօսաշրջիկներու աշխոյժ հոսք արձանագրուեցաւ»,- ըսած է ան:
Աշխատանքները կը շարունակուին, այս տարուան ընթացքին կազմակերպուած են Իրանի հետ ճանաչողական այցեր: Նոյնը կը սպասուի Ռուսիոյ հետ: Արդէն նկարահանուած է Հայաստանի մասին պատմող ֆիլմ, որ պիտի հեռարձակուի ռուսական «Աւթօ փլիւս» հեռուստաալիքով: Հեղինակը ֆիլմին մէջ կը պատմէ հայկական տուտուկի, գորգագործութեան, խոհանոցի մասին:
Մեխակ Ապրեսեան նշած է, որ զբօսաշրջային հոսք ունենալու համար աշխոյժ աշխատանք կը տարուի նաեւ այլ ուղղութիւններով: Մասնաւորապէս Ծոցի Արաբական երկիրներու, հեռաւոր արեւելեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ այլ երկիրներու ուղղութեամբ: Յառաջիկային Ֆիլիբիններէն, Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն կը սպասուին լրագրողական ճանաչողական այցեր: Համաձայնութիւն կայ «Պրասլ էյրուէյզ» ընկերութեան հետ Պրիւքսէլէն, եւրոպական երկիրներէն լրագրողներու ճանաչողական այց կազմակերպելու համար:
Մեխակ Ապրեսեան նշած է նաեւ, որ կը շեշտադրուի ելեկտրոնային շուկայականութեան վրայ, արդէն կ՝աշխուժացուի եւ կը նորացուի Armenia.travel պաշտօնական համացանցային հատուածը: