Հանրային եւ «Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի ընկերութիւնները համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեցին

Հայաստանի Հանրային եւ Լիբանանի «Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն միջեւ 2 Յունիսին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուեցաւ: Համագործակցութեան ծիրէն ներս, ընկերութիւնները միասնաբար պիտի աշխատին՝ տարատեսակ նիւթերով հաղորդումներ արտադրելու, աշխատանքային փորձառութիւն փոխանակելու, ինչպէս նաեւ մեծամասշտապ ձեռնարկներու, փառատօններու, մրցոյթներու մասին տեղեկատուութիւն եւ լուսաբանում կատարելու:
Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարգարիտա Գրիգորեանի խօսքով՝ Հանրայինը Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան անդամ է եւ ունի միջազգային համագործակցութեան մեծ փորձառութիւն, այսօր, լիբանանեան ընկերութեան հետ կնքուած յուշագիրը կու գայ համալրելու այդ շարքը:
«Մենք երկար քննարկած ենք, թէ համագործակցութիւնը մասնաւորապէս ի՛նչ ձեւաչափով պէտք է ըլլայ, այսօր ուրախութեամբ կ’արձանագրենք, որ մեր գործընկերներուն թիւին վրայ նոր մըն ալ աւելցաւ: Որքան մեծ ըլլայ համագործակցութեան շրջանակը, այնքան պատկերասփիւռի եթերը հետաքրքրական ու բազմազան կը դառնայ», նշեց Մարգարիտա Գրիգորեանը՝ յոյս յայտնելով, որ յուշագիրը նոր թափ կը հաղորդէ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան:
«Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի ընկերութեան տնօրէն Ղասսան պըն Ժըտտոյի խօսքով՝ ընկերութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայաստանի հետ գործակցութեան: «Այս համաձայնագիրով ենթահող կը նախապատրաստենք ինչպէս տեղեկատուութեան փոխանակման, այնպէս ալ ընդհանուր հաղորդումներու պատրաստման առումով: Այսուհետեւ  Հայաստանի ձայնը կը հասնի ոչ միայն Մերձաւոր Արևելքի, այլև ամբողջ աշխարհի արաբներուն», նշեց ան:
Հանդիպման աւարտին պատկերասփիւռի ընկերութիւններու տնօրէնները մանրամասնօրէն քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութեան արժանի հարցեր եւ ճշդեցին ապագայ ծրագիրներուն ժամկէտերը:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաև ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչները: