Աշխարհի ամենաերկար Zip Line-ը Հայաստանի մէջ պատրաստ պիտի ըլլայ Յուլիսին

Աշխարհի ամենաերկար zip line-ը Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»-ի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ: «Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Yell Extreme Park» նախագիծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեան:

«Zip line-ի ճարտարապետական հատուածը գրեթէ պատրաստ է եւ միայն մէկ երկու հարց մնացած է լուծելու: Իսկ բուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Յունիս 20-­ին: Մենք նախատեսած ենք շինարարութիւնը աւարտել Յուլիսի վերջը»,-ըսած է ­Չիբուխչեան:

Շուտով Արցախի մէջ եւս պիտի ըլլայ «Yel Extreme Park»: «Արցախի մէջ հրաշալի բնութիւն կայ եւ մեծ ներուժ զբօսաշրջութեան զարգացման համար»,- ­շեշտած է նախագիծին հեղինակը:

Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենաերկար  zip line կառուցման նպատակով Indiegogo համաֆինանսաւորման միջազգային հարթակով Մայիս 4-էն Յունիս 2 տեղի ունեցած է դրամահաւաք, որուն արդիւնքով հաւաքուած է 22 հազար 165 տոլար:

«Yell Extreme Park» նախագիծը 2015 թուականէն կ՛իրականացնէ ոլորտի զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ` ձգտելով դառնալ տարածաշրջանի մէջ զբօսաշրջութեան մեծ կեդրոն: Նախագիծը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածային զբօսաշրջութիւնը, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, աշխուժացնել հասարակական կեանքը եւ խթանել առողջ ապրելակերպը:

Նախագիծը իր գործունէութիւնը սկսած է Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ` zip line-ով, իսկ այժմ աշխոյժ պտոյտ նախընտրողներուն կ՛առաջարկէ նաեւ paraglayding, roppark, paintball, ձիով արշաւներ, արտաճանապարհային պտոյտներ եւ այլն: Ընդլայնելով գործունէութեան աշխարհագրութիւնը` «Yell Extreme Park»-ը 2017-ի Մայիսէն Ստեփանակերտի օդակայանի հետ համատեղ երկտեղանի մարդատար օդանաւով սկսած է իրականացնել Ստեփանակերտ-Շուշի յետադարձ ուղղութեամբ առանց կանգառի (non­stop) զբօսաշրջային թռիչքներ:

ՀՀ Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ կառուցուող աշխարհի ամենաերկար zip line-ը պիտի ունենայ 2680 մեթր երկարութիւն եւ 200-­300 մեթր բարձրութիւն: Զիփլայնով թռիչքը պիտի տեւէ 3-­4 վայրկեան` առաւելագոյնը 120 քմ․/ժ արագութիւն զարգացնելու հնարաւորութեամբ: