Արցախի մէջ ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը սկսած է. բերքատւութիւնը կը գերազանցէ 2016-ի ցուցանիշը

Արցախի դաշտային հատուածին մէջ սկսած է ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժնի պետ Վիլեն Աւետիսեան  ըսած  է, որ Յունիս  16-ի դրութեամբ` այս տարուան հունձքի ենթակայ 58048 հեկտար ցանքատարածութիւններէն հնձուած է  շուրջ  6189  հա-ը։

Ընդհանուր առմամբ` հաւաքուած է 12 հազար 11,7 թոն բերք:

Ըստ հացահատիկային մշակաբոյսերու` ներկայացնելով բերքահաւաքի արդիւնքները` Վ. Աւետիսեան  մասնաւորապէս ըսած է, որ հնձուած է 10   հա  ցորեն  եւ   6179   հա գարի: Միջին բերքատուութիւնը հեկտարէն կազմած է 25,1 կենդինար ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 23,2  ց/հա-ի դիմաց: