Տարեց քաղաքացիներու նուիրուած օր

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կազմակերպութեամբ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Տիկնանց Միութեան այցելութեան յանձնախումբի, Հինգշաբթի Յունիս 22. 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11.00-ին տեղի ունեցաւ «երէցներու օրուան» 19-րդ Ս. Պատարագ եւ ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը, մօտ 130 հաւատացեալներ ներկայ էին Ս. Պատարագին զոր մատոյց թեմիս փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, արարողութեան ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան: Ապա եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» գեղեցկօրէն զարդարուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ հիւրասիրութիւն:

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեանը: Ճաշկերոյթին ներկայ էին տարեցներու կեցութեան (Nursing Home) տարբեր վայրերու պատասխանատուները, կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով, բարի գալստեան եւ բացման խօսքերով հանդէս եկան, տիկին Արշալոյս Գանտահարեան (հայերէն) եւ տիկ. Նորա Պալթայեան (անգլերէն), տալով համառօտ տեղեկութիւններ յանձնախումբի տարած գործունէութիւններու մասին:

Տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը, որ պատրաստուած էր Տիկնանց Միութեան այցելութեան յանձնախումբի տիկիններու կողմէ, իրենց շնորհակալական եւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քահեանան եւ տարեցներու կեցութեան (Nursing Home) սոյն ծրագիրը համադրող Թրէյսի Թիպատուն, ընթերցուեցաւ տիկ. Ովսաննա Լեւոնեանի շնորհաւորագիրը: Տիկ. Մատլէն Սահակեան խոր ապրումով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը»:

Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ, Գանատայի հասարակապետութիւն (Confederation) 150 –ամեակի կարկանդակը: Պրն. Հրանդ Քէթէնճեան, իր ուրախ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը եւ պարայարդակ հրաւիրեց հոգիով երիտասարդ տարեցները:

Ներկաներուն համար մեծ հաճոյք էր դիտել մեր սիրելի տարեցները, ժպիտը իրենց երեսին ուրախ տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին Աստուծոյ կամքով յաջորդ տարի կրկին հանդիպելու յոյսով:

Խորին շնորհակալութիւն ու շնորհաւորութիւնները այցելութեան յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհիին տիկ. Անի Մկրտիչեանի եւ իր վարչական անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ջանք չէին խնայած հաճելի ժամեր տրամադրելու մեր տարեց պապիկներուն ու մամիկներուն: