«Aeroflot»-ը օդանաւ մը Առնօ Բաբաջանեանի պատուին անուանակոչած է

ՌԴ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան որոշումով` Aeroflot թռիչքուղիներու ընկերութիւնը, իր օդանաւերէն մէկը անուանակոչուած է ի պատիւ յայտնի երաժշտահան Առնօ Բաբաջանեանի:

Վկայակոչելով Rusarminfo-ն՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 29-ին «A. BABAJANYAN» գրութեամբ Boeing 777-ը ժամանած է ընկերութեան թռիչքներու դաշտ:

Որոշումը ընդունուած է Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի միջազգային հիմնադրամին կողմէ եղած դիմումին հիման վրայ:

Հիմնադրամի հիմնադիր, երաժշտահանի որդի Արա Բաբաջանեանի խօսքով` այդ մասին որոշումը նախարարութիւնը ընդունած է դիմումը ստանալէն մօտ մէկ ամիս ետք:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ օդանաւը կը հանդիսանայ հեռամագիստրալային, անիկա պիտի իրականացնէ միջմայրցամաքային չուերթներ: