«Արցախփոստ»-ը աշխարհի տասնեակ երկիրներէ ստացաւ եւ բնակչութեան տրամադրեց 12.545 փաթեթ եւ ծանրոց

Տարուէ տարի Արցախի մէջ կ՝աճի «Արցախփոստ» ընկերութեան միջոցով մեր հանրապետութենէն արտերկիր առաքուող եւ ստացուող փոստային նամակներու եւ ծանրոցներու ծաւալները:

Եթէ փոստային ծառայութիւններով 2014-ին ընկերութիւնն աշխարհի տասնեակ երկիրներէն ստացած, մշակած եւ բնակչութեան տրամադրած է 22.672 փաթեթ եւ ծանրոց, 2015-ին` 26.400 փաթեթ եւ ծանրոց, 2016-ին 45.200 փաթեթ եւ ծանրոց, իսկ 2017-ի առաջին եռամսեակին, անոր թիւը հասած է արդեն 12.545-ի: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութենէն:

Ընկերութիւնը յաջողութիւններ արձանագրած է նաեւ նամականիշերու, գեղաթերթիկներու, նամականիշերու հաւաքածուներու, գրքոյկներու տպագրութեան գործին մէջ:

«Արցախփոստ» ՓԲԸ-ի առաջին փոստային նամականիշները հրատարակուած են դեռ 1993-ի Յունիս 1-ին: Իր գործունէութեան ընթացքին ընկերութիւնը հրատարակած եւ աշխարհին ներկայացուցած է 119 նամականիշ եւ գեղաթերթիկ: Միայն 2016-ին ան թողարկած է 14 անուն-նամականիշ` 221 հազար ընդհանուր տպաքանակով եւ մէկ գեղաթերթիկ` 7 հազար տպաքանակով: Իսկ 2017-ին առաջին եռամսեակին արդէն հրատարակած  է 4 թեմայով 8 նամականիշ:

2017-ին ընկերութեան խոշոր յաջողութիւններէն էր 30.000 անդամ ունեցող ամերիկեան ֆիլատելիստական ընկերութեան «AMERICAN PHILATELIST» ամսագիրի 2017 թուականի Մարտ ամսուան համարին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ֆիլատելիայի բնագաւառին մէջ անցած ճանապարհին եւ «Արցախփոստ» ընկերութեան մասնագիտական գործունէութեան մասին «Լեռնային Ղարաբաղ» վերնագիրով յօդուածին հրապարակումը: