Յուլիս 16-ին` «Տաթեւեր» ճոպանուղին սպասարկած է 1371 այցելուի:
Այս ցուցանիշը առաջինն է ճոպանուղիի գործունէութեան պատմութեան ընթացքին, «Մեդիամաքս»-ին յայտնած են «Տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրինութենէն:
Նախորդ ցուցանիշը սահմանուած էր 2014-ի Յուլիս 20-ին, երբ ճոպանուղին սպասարկած էր 1321 այցելուի:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին կը գործէ 2010-ի Հոկտեմբեր 16-էն: Անիկա կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս:
Ճոպանուղին արձանագրուած է Կինեսի գիրքին մէջ` ոչ միայն որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձելի, այլեւ որպէս ամենակարճ ժամանակահատուածին մէջ (10 ամիս) կառուցուած ճոպանուղի:
Տաթեւ այցելող եւ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի ծառայութիւններէն օգտուելու համար կարելի է ճոպանուղիի տոմսերը նախապէս գնել առցանց եղանակով: