Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ, Օգոստոս 1-ին, տեղի ունեցած է «Անվտանգ Հայաստան» անվտանգութեան բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսի համակարգման խորհուրդին նիստը, որ վարած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ցուցահանդէսի մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ցանկը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական այլ հարցեր:
«Անվտանգ Հայաստան» անվտանգութեան բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսի կազմակերպումը կը նախատեսուի Սեպտեմբեր 2-4, Երեւանի մէջ:
Ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին արտակարգ իրավիճակներու կանխման ու հետեւանքներու վերացման համակարգեր եւ առնչուող արհեստագիտութիւն, ինչպէս նաեւ փրկարարական եւ հրդեհային անվտանգութեան ծառայութիւններու համար նախատեսուած յատուկ սարքեր` հիմնական արտադրողներէ: