ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, Օգոստոս 3-ին, տեղի ունեցաւ գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակներու ցուցահանդէսին բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորեց արուեստասէր հանրութիւնը գանատահայ քանդակագործի անհատական ցուցահանդէսի բացման առթիւ: «Յոյսով եմ` Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի ուժն ու գեղեցկութիւնը այս ցուցահանդէսի այցելուները դեռ երկար պիտի յիշեն ու զգան»,- նշեց Սերժ Սրապիոնեան:
Քանդակագործը շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան գործուն աջակցութեան համար եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ասիկա իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Հայաստանի մէջ, եւ ես ուրախ եմ, որ իմ քանդակներէն քանի մը հատը արդէն այստեղ գտած են իրենց մշտական հասցէները` Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ այլն: Ես մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ, սակայն ինծի միշտ գրաւած է արուեստի ամենազօր ուժը, նկարած եմ տարիներ շարունակ, ապա հմտացած քանդակագործութեան մէջ: Այսօր կը զբաղիմ միայն քանդակագործութեամբ»:
Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակները կը գտնուին նաեւ Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ Քանդակագործի հեղինակած յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի յուշարձանը տեղադրուած է Օթթաուա քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ, իսկ «Ընթերցողը» քանդակը` Մոնրէալի քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ:
Ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլայ Օգոստոս 3-17: