Երկրորդ տարին ըլլալով, սովորութիւն դարձած, Թ.Մ.Մ. եան – Ընկ. Յանձնախումբը, կրկին կը կազմակերպէր yռօրեայ բանակում մը դէպի Chrysler Park Marina in Upper Canada Village.
Ուրբաթ 11 Օգոստոս 2017-ի առաւօտը, անհամբեր էին պատանիները, ինքնաշարժին առջեւ սպասելով, որ շարժուի դէպի որոշեալ վայրը:
Առաջին օրուայ անձրեւոտ ու փոթորկոտ օդը չի փոխեց տրամադրութիւնները, այլ բոլորը միասնաբար, առաջնորդ թէ հետեւող, դժուարութիւններէն, նոյնիսկ, ստեղծեցին բարեպատեհ առիթներ, խաղերով, երգերով կամ դաստիարակիչ զրոյցներով:
Այս բոլորէն ետք անոնք ապահով վերադարձան, ունենալով անմոռանալի յիշատակներ, աւելի սեղմ բարեկամական կապեր եւ մանաւանդ աւելի ինքնավստահութիւն իրենց առօրեայ կեանքի կատարումներու նկատմամբ:
Յարգելի է բոլոր առաջնորդներուն ուսերուն վրայ ինկած մեծ պատասխանատուութիւնը, քանի ներկայ պատանիներուն թիւը կը հասնէր մօտ 40-ի:
Վարձքերնին կատար՝ ընկ. ընկերուհի պատասխանատուներ՝ Ցոլիկ եւ Վարդօ Մուղալեաններ, Գրիգոր Քէհեայեան, Իսկէն Քարամալեան, Արփի Սողոմոնեան, Ծովակ եւ Վահան Պայրամեան, Սերժ Ապաճեան, Վանիա, Գօգօ եւ Անի Գանձանակեան եւ Սարգիս Մարաշլեան:
Ցտեսութիւն յառաջիկայ տարի:
Պ. Գ.