Չինացի ներդրողներուն ներկայացուած է Հայաստանի ներդրումային ներուժը

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի առեւտրային ներկայացուցիչ Հրանդ Ապաճեան, Օգոստոս 16-ին, Փեքինի մէջ` Չինաստանի մասնաւոր հատուածի միջազգային առեւտրային պալատի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, չինացի գործարարներուն եւ ներդրողներուն ներկայացուցած է Հայաստանի գործարար միջավայրը, ներդրումային գրաւչութիւնները, ներուժը եւ առկայ հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը ներդրումային ծրագիրներ ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան, հանքարդիւնաբերութեան, արտադրութեան, գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, մասնաւորապէս ներկայացուած են Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի եւ Հայաստան-Իրան երկաթուղագծի կառուցման ներդրումային ծրագիրները, նախագիծեր վերականգնուող արեւային, հողմային եւ ջրաելեկտրականութեան ոլորտներու մէջ: Մասնակիցներու ուշադրութեան ներկայացուած են Հայաստանի մէջ ձկնաբուծութեան զարգացման եւ ջերմոցային տնտեսութիւններու կառուցման վերաբերեալ նախագիծեր, պղնձաձուլարանի կառուցման եւ հանքարդիւնաբերութեան ու արտադրութեան ոլորտի քանի մը այլ ծրագրեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի կառուցման ծրագրին:

Հանդիպման ներկայ եղած են պետական եւ մասնաւոր կառոյցներէ 40-է աւելի մասնակիցներ: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցած տեղեկութիւններով`  Չինաստանի մէջ Հայաստանի առեւտրային ներկայացուցիչը նշած է, որ հետաքրքրութիւնը չինական կողմէն բաւական մեծ է յատկապէս ենթակառուցուածքային եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտներուն հանդէպ: «Անմիջական աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի տնտեսութեան, ներդրումային դաշտի եւ, առհասարակ, երկրի վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկատւութիւն ներկայացնելու եւ ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Յաճախակի կ՝իրականացուին տարբեր ձեւաչափերու ձեռնարկներ, հանդիպումներ չինացի ձեռնարկատէրերու, ներդրողներու հետ, որպէսզի վերջիններս առաւելապէս տեղեկացուած ըլլան Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու եւ ներդրումային ներուժի մասին: Նմանատիպ հանդիպումները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն, եւ ճիշդ թիրախաւորուած աշխատանքի իբրեւ արդիւնք պիտի խթանենք Հայաստանի մէջ չինական ներդրումներու ծաւալներու աճը»,- աւելցուցած է Ապաճեանը: