Իրանի Դելիջանն ու Հայաստանի Դիլիջանը դարձան քոյր քաղաքներ: Այս մասին հաղորդած է «ԻՌՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը։
Պայմանագիրը կնքելու նպատակով, Օգոստոս 14-ին, Հայաստան մեկնած է Դելիջան քաղաքի պատուիրակութիւնը: Դելիջանի քաղաքապետ Մեհտի Էսմայիլի յայտնած է, որ գործընթացը նոր էջ մը պիտի բանայ երկու համանուն քաղաքներու յարաբերութիւններուն մէջ. «Երկու քաղաքներուն միջեւ համապատասխան պայմանագիրի ստորագրումը՝ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին՝ եղած է օրակարգային կէտ: Այս պայմանագիրի իրագործումը պիտի նպաստէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ընդլայնման», յայտնեց իրանցի քաղաքապետը:
Իրանեան պատուիրակութեան Դելիջանի քաղաքապետէն բացի մաս կը կազմէին նաեւ շինարարական հարցերու կեդրոնական նահանգի նահանգապետի տեղակալը, քաղաքի կուսակալը, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եւ քանի մը գործարարներ:
Նշենք, որ Յուլիս 4-5, Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան այցելած էր Դելիջան եւ ծանօթացած էր քաղաքի զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու պայմաններուն: