Հայաստան կը մասնակցի Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին 43 մասնակցող երկիրներու շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի տաղաւարը կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` Հայաստանի  առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Սուրիա-հայկական գործարար խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ:

Տաղաւարի այցելուներուն կը ներկայացուի Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ զարգացման հեռանկարները, երկրին մէջ իրականացուող ներդրումային քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը տրամադրուի տեղեկատուութիւն հիմնական արտադրողներու, որոնց շարքին սննդամթերքի եւ ջուրի, քարի արդիւնահանման եւ վերամշակման, ոսկերչութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու եւ այլ մարզերու մէջ աշխատող ընկերութիւններու մասին: