Կիրակի 13 Օգոստոս 2017-ին տօնն էր «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի»: Այս առթիւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ եւ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:
Երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ Դպրաց Դասի կողմէ, ղեկավարութեամբ Դպրապետ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:
Նոյն օրը «Արարատ» ճամբարի (որ կը գործէ Գանտահայոց Թեմի առաջնորդարանի հովանու ներքոյ) մասնակցողները իրենց պատասխանատուներով եկած էին ստանալու հաղորդութիւն: Պատարագիչ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան գնահատեց տարած աշխատանքը եւ բարի երթ մաղթեց իրենց:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն, որուն յաջորդեց խորովածի սպասարկութիւն՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդին ու Տիկնանց Միութեան: Պրն. Հրանդ Քէթէնճեան ինչպէս միշտ այս անգամ եւս իր հայկական նուագներով ստեղծեց ուրախ մթնոլորտ մը:
Վարձքը կատար բոլորին: