«Թուրսթաթ» գործակալութիւնը վերլուծած է 2017 թուականի առաջին 6 ամիսներուն Ռուսիայէն արտագնայ զբօսաշրջութեան վիճակագրութիւնը:
Ռուսիայէն Հայաստան արտագնայ ուղեւորութիւններուն թիւը, 2017 թուականի առաջին 6 ամիսներուն, աճած է 37 տոկոսով` մինչեւ 171 հազար, իսկ Ռուսիայէն արտագնայ զբօսաշրջական ուղեւորութիւններուն թիւը կազմած է 17 միլիոն։
Ռուսիայէն արտասահմանեան զբօսաշրջական ուղեւորութիւններուն թիւով Հայաստանը մտած է առաջին 30 երկիրներուն մէջ:
2017 թուականին Ռուսիայէն ամենահանրաճանաչ լողափերու եւ հանգստավայրերու ուղղութիւնները եղած են Թուրքիան, Թայլանտը, Իտալիան, Սպանիան, Վրաստանը, ԱՄԷ-ն, Կիպրոսը, Յունաստանը եւ Վիեթնամը:
Ամենատարածուած երկիրներու առաջին 30-ը կը գլխաւորեն Աբխազիան, Թուրքիան եւ Ֆինլանտան: