ArmPhone-ի նոր տարբերակ պիտի թողարկուի 2 ամիսէն

ArmPhone հեռաձայներու արտադրութեամբ զբաղող Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը շուտով հանրութեան պիտի ներկայացնէ հայկական բջջային հեռախօսի եւս մէկ տարբերակ: Այս մասին՝ ըստ PanARMENIAN.Net- ի՝ ըսած է TSD ընկերութեան մամուլի խօսնակ Անահիտ Բաղդասարեան:

«Մեր ընկերութիւնը այժմ կ՛աշխատի նոր տեսականիի վրայ, որ հանրութեան պիտի ներկայացնենք 1-2 ամսուան ընթացքին: Դեռեւս չեմ կրնար մանրամասնել, միայն կրնամ ըսել, որ խօսքը սմարթֆոնի 1 նոր տարբերակի մասին է»,- նշած է Բաղդասարեան:

Ան աւելցուցած է, որ բջջային նախագծումէն մինչեւ իրագործում բաւական երկար ժամանակ կը պահանջուի: Այդ է պատճառը, որ ընկերութիւնը չի կրնար ամէն ամիս նոր տարբերակ մը ներկայացնել:

Պլանշեթներու հետ կապուած եւս ընկերութիւնը հեռահար ծրագիրներ կը մշակէ, սակայն նոր տարբերակի թողարկման մասին պիտի յայտարարուի սմարթֆոնի ներկայացումէն ետք միայն:

2016-ի Յունիսին Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը վաճառքի հանեց ArmPhone բջջային հեռաձայներու առաջին տարբերակները: Սպառողին ներկայացուած էր 5 տարբեր տեսակ` իւրաքանչիւրը իր առանձնայատկութիւններով: Սմարթֆոններու առանձին տեսակները մինչեւ 32 ԿՊ ներքին յիշողութիւն ունին, Android 6.0 կամ Android 5.1 գործարկուող համակարգ եւ 4G կապ: