Հայաստանի ոսկերիչները միջազգային «JUNWEX» ցուցահանդէսէն 580 միլիոն դրամի արտահանման պատուէրներով վերադարձած են

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ ոսկերչական 5 ընկերութիւններ աշնանային «JUNWEX Moscow» միջազգային ցուցահանդէսին 1.2 միլիոն տոլարի արտահանման պատուէրներ ստացած են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին փոխանցած են Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն։

Հայկական ընկերութիւնները ցուցահանդէսի օրերուն, յատկապէս ռուսական մեծածախ գնորդներու հետ, կնքած են արտահանման 5 պայմանագիր, եւս 16-­ը բանակցութիւններու փուլի մէջ են, որոնք էականօրէն պիտի աւելցնեն «JUNWEX Moscow­2017»-­ին կնքուած արտահանման պայմանագիրներու ընդհանուր ծաւալը: Հայկական թանկարժէք զարդերը ընդունուած են նաեւ ցուցահանդէսի ոչ մասնագիտացած այցելուներուն մէջ, որոնք ձեռք բերած են 34,000 տոլարի թանկարժէք զարդեր:

«Արաբական շուկան նոյնպէս մեզի համար թիրախային է, ուստի նպատակ ունինք միասնական հայկական տաղաւարով մասնակցելու նաեւ Տուպայի «Վինչենցաորօ» ցուցահանդէսին, որուն համար Մոսկուայի մէջ արդէն հանդիպած  եւ բանակցած ենք կազմակերպիչներու հետ` մեր արտադրողներուն աւելի լաւ պայմաններ տրամադրելու շուրջ»,- նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի Ձեռնարկներու կազմակերպման խումբի ղեկավար Մարքուս Ազատեանը: ՀԶՀ խումբը նաեւ հանդիպում կազմակերպած է Հայ Ոսկերիչներու ընկերակցութեան (AJA) նախագահ Գագիկ Գէորգեանի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու ոսկերչական հայկական արտադրանքի առաջմղման` միջազգային շուկայի մէջ: