ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄՈՆԹՐԷԱԼԱՀԱՅ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԵՐԱԺԻՇՏ ԱՐՏԷՆ ԱՐԱԲԵԱՆԻ ՀԵՏ

Արուեստագէտ Արտէն Արաբեան կը նկատուի Գանատայի եւ միջազգային փայլուն աստղերէն ﬕն, որ արժանացած ու տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու. ի՞նչպէս կ՚ուզէ ինքզինք ներկայացնել ﬔր ընթերցողներուն:

Ամենայն հաﬔստութեամբ։ Հահա՜։

Մեծ պատիւ է ինծի համար կարենալ իմ արուեստը բաժնել՝ թէ’ օտարներու եւ թէ’ հայրենակիցներուս հետ՝ և նաև ըլլալ ﬔր ազգի սքանչելի մշակոյթի գործարար ներկայացուցիչներէն ﬕն։

 

Դուք որպէս ճազ երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած արուեստագէտ, յաճախ մաս կը կազմէք բազմաթիւ նուագախումբերու և զանազան շրջանակներու մէջ ու բեﬔրու վրայ ելոյթներով: Ներկայիս ունի՞ք ձեր ﬓայուն խումբը:

Իբր երաժիշտ, ճիշդ է որ շատ մը խումբերու մաս կը կազﬔմ, նաև յաճախ առիթ կ՚ունենամ մասնակցութիւնս բերելու երաժշտական ամէն տեսակ ձեռնարկներու։ Իբր ղեկավար, ղեկավարած եմ իմ երաժշտական ծրագիրներս, օրինակ՝ խումբը որմով ներկայացուﬓեր տուինք Մոնթրէալի ճազի համաշխարհային փառատօնի բեﬔրուն

վրայ, և կամ զանազան ձայնասփիւռի կայարաններու ալիքներուն վրայ։ Այս փորձառութիւններու արդիւնքները եղան այն՝ որ պատիւ ունեցանք արժանանալու զանազան մրցանակներու և այդ առիթներէն օգտուելու, արձանագրելու և հրապարակելու իմ ստեղծագործութիւններու խտասալիկ ձայնապնակը 2011 թուականին, որ կը կոչուի «Վահագ»։

Ներկայիս նոր ծրագիրով կը զբաղուիմ, որ կը ներկայացնէ ներդաշնակում մը ճազի, Հայկական դասական և ժողովրդական երաժշտութեան և նոյնիսկ Եւրոպական դասական՝ օրինակ Իտալական և Ֆրանսական օփերայի։ Այս գաղափարը գործադրելու նպատակով, կազﬔցի խումբ մը Գանատայի և Հիւսիսային

Աﬔրիկայի լաւագոյն արուեստագէտ երաժիշտներով, որոնցմէ մէկն է Գանատահայ օփերայի աստղ, երգչուհի Սաշա Ճիհանեան։

 

Սաշա Ճիհանեան՝ նոյնպէս կը համարուի Գանատայի փայլուն աստղերէն ﬕն, որ իր բարձր կատարողութեամբ ունկնդրողին կը տեղափոխէ այլուր: Սաշա Ճիհանեանին հետ ձեր երաժշտական փորձառութիւններուն մասին, ինչ կ’ուզէք պատﬔլ ﬔզի:

Սաշան և ես պատահաբար նոյն նախակրթարանը յաճախած ենք՝ այսինքն Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան վարժարանը։ Այդպէս պատահեցաւ որ երբ վարժարանը կը տօնէր իր 45-աﬔակը, այդ առիթով կազմակերպուած «Կալա» ձեռնարկին համար կազմակերպողները ինձմէ խնդրեցին որ կարճ ներկայացումով

խանդավառեմ երեկոն։ Երբ լուր ստացայ որ Սաշայէն ալ նման ներկայացում խնդրուած էր, խորհեցայ առաջարկել Սաշային, որ ﬕասին ներկայացում մը կատարենք, ﬕացնելով ﬔր արուեստի յատուկ ներշնչուﬓերը։ Թէև ճազ գործադրող երաժիշտ եմ՝ նաև ըլլալով օփերայով ջերմեռանդ խանդավառուող մը, այդ

փորձառութիւնը ծնունդ տուաւ ﬔր նոր իւրայատուկ ծրագրին։

 

Դուք որպէս խումբի ղեկավար «Ապագայ» շաբաթաթերթի 42-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունենալիք յայտագրին, նախօրօք ի՞նչ տեղեկութիւններ կ’ուզէք փոխանցել ﬔզի, ձեր խումբին մաս կազմող անդաﬓերուն և յայտագրին մասին:

Շատ խանդավառ ենք բոլորս «Ապագայ» շաբաթաթերթի ելոյթին ներկայանալու։ Պիտի մասնակցինք մեր նախայիշեալ խմբով, որուն անդաﬓերն են՝ Սամուէլ Պլէ՝ սաքսափող և աւագասրինգ (քլարինէթ), Օլիվիէ Էպեր՝ ﬔծ թաւջութակ (քոնթրըպաս), Սաշա Տաուտ՝ հարուածային գործիքներ, և անշուշտ Սաշա Ճիհանեան՝ սոփրանօ և ձեր հաﬔստ ծառան, Արտէն Արաբեան՝ դաշնամուր։ Պիտի ներկայացնենք ﬔր իւրայատուկ յայտագիրը, որ պիտի ներառէ հայկական ժողովրդական երգեր, ինչպէս նաև դասական օփերայի և ճազի ճանչցուած բաժիններ, բոլորը ներկայացուած ﬔր յատուկ շունչով։

 

Ընդհանրապէս ձեր ժամանակացոյցը լեցուն է բազմաթիւ ծրագիրներով: Դուք այդ ապագայի ծրագիրներուն մասին ի՞նչ կ’ուզէք հաղորդել ﬔր ընթերցողներուն:

Առանց շատ մանրամասնութիւններ տալու նախքան որ վերջնական վաւերացուﬓերը ստանանք՝ ծրագիրներ ունինք այս խումբով համաշխարհային շրջագայութիւններ կատարելու Հեռաւոր Արևելք՝ այսինքն Չինաստան, Միջին Արևելք՝ Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էﬕրաթներ, և Հիւսիսային Աﬔրիկայի զանազան կեդրոններ:

 

Չափազանց շնորհակալ ենք ձեր հաղորդած տեղեկութիւններուն  համար, եւ անհամբեր կը սպասենք ներկայ գտնուելու եւ վայելելու ձեր ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ապագայ» շաբաթաթերթի 42-րդ տարեդարձին առիթով, Շաբաթ՝ 28 Հոկտեմբեր 2017-ին,  Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնէն ներս: Վերջապէս՝ մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն, ու յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր ապագայի բոլոր ծրագիրներուն:

                                                                                                                             «Ապագայ»