Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը Հոկտեմբեր 25-28 Ֆինլանտիոյ մէջ կայացող Սքանտինաւեան երկիրներու միջազգային շարժանկարի փառատօնին (Scandinavian International Film Festival) յաղթող ճանչցուած է միաժամանակ երկու անուանակարգերուն` «Լաւագոյն խաղարկային ֆիլմ», որ պիտի շնորհուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին եւ «Լաւագոյն դերասան», որու համար մրցանակ պիտի ստանայ գլխաւոր դերակատար Ալեքսնադր Խաչատրեանը:Այս մասին Wnews.am-ին տեղեկացուցած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը` նշելով, որ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ փառատօնի փակման ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-ին: Մրցանակը ստանալու նպատակով բեմադրիչն ու դերասանը պիտի մեկնեին Ֆինլանտիա:
Նկատենք, որ մինչ այս բեմադրիչին առաջին` «Թեւանիկ» ֆիլմը արժանացած է շուրջ քսան մրցանակի B դասի շարժանկարի փառատօններուն:
«Հայկական կինոարդիւնաբերութեան ներկայացուցիչները որոշած են Վենետիկի կինոփառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրած է «Վերջին բնակիչը» գեղարուեստական ֆիլմը: Հայ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը որպէս ենթադրեալ ճշմարտութիւն կը պատմէ Ատրպէյճանի տարածքին գտնուող գիւղի մը վերջին բնակիչի մասին, երբ հայ բնակչութիւնը լքած է ատրպէյճանական տարածքը:
«Ֆիլմը 1990-ականներու զարգացումներու սխալ պատմական պատկերը նկարահանելու փորձ է»,- գրուած է Vimeo.com-ի մէջ: