Նոր հրատարակութիւն մը Վահան Թէքէեանէն` «Երկու դրախտները»

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»-ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը: Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն` Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն: «Ժամանակ»-ի հրատարակութեան 100-ամեակին առիթով կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր:

Վահան Թէքէեանին անունը սերտօրէն կապուած է «Ժամանակ»-ի պատմութեան: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Վահան Թէքէեան սկսած էր աշխատակցիլ Քասիմի նոր հիմնադրած թերթին` նոյնիսկ ապագային դառնալով անոր գլխաւոր խմբագիրներէն մին, երբ թերթը միացած էր «Ժողովուրդի ձայնը»-ին: Յիշեալ մատենաշարին նախորդ հրատարակութիւնը անցեալի փոշոտ հաւաքածոներէն դուրս կը հանէր ու առաջին անգամ առանձին հատորով մը կը հրատարակէր Թէքէեանի «Կեսարիա» գործը, իսկ հիմա ընթերցասէրներու սեղանին է արեւմտահայ գրականութեան այս դասական հեղինակին հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական ու յուշագրական յօդուածներէն ու յօդուածաշարքերէն հարուստ ծաղկաքաղ մը, զոր, ինչպէս նախորդ հատորները, պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը: Նորատիպ հատորին յառաջաբանը գրի առած է Վահան Թէքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան անուանի մասնագէտներէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը: Քնալը կղզիի երկուորեակ պատմական ապարանքները ներկայացնող կողքին հեղինակն է երգիծանկարիչ ու գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր:

Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին առաջին բաժինը յատկացուած է հեղինակի հրապարակախօսական յօդուածներուն: «Ժամանակ» եւ «Ժողովուրդի ձայնը» թերթերուն մէջ Թէքէեանի` իր անունով հրատարակած յօդուածներէն ընտրանի մը կարելի է գտնել այս բաժնին մէջ: Յօդուածները առհասարակ կը վերաբերին սահմանադրութեան հռչակման անմիջական վաղորդայնի իրադարձութիւններուն` օսմանեան քաղաքական ու հայկական հասարակական կեանքի ինչ-ինչ դրուագներուն:

Երկրորդ բաժինը յատկացուած է գրական ու գեղարուեստական յօդուածներուն կամ յօդուածաշարքերուն, որոնք նոյնպէս հրատարակուած են «Ժամանակ»-ի, «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»-ի կամ Գահիրէի «Արեւ»-ին մէջ: Կարդալով այդ յօդուածները` կարելի է գաղափար ունենալ ո՛չ միայն յետեղեռնեան արեւմտահայ գրական ու մշակութային կեանքին մասին, այլ նաեւ ծանօթանալ Թէքէեանի մօտեցումներուն` Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան, գրական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ 1922-ի ուղղագրական փոփոխութեան մասին:

Վերջին բաժինը, որ թերեւս ամէնէն հետաքրքրականը կարելի է նկատել, Թէքէեանի յուշերն են: Գրական աշխարհէն դէմքերու, արեւմտահայ քաղաքական-հասարակական կեանքէն անցուդարձերու մասին Թէքէեանի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքէն դրուագներու ներկայացումը, տարբեր անցքերու ու յայտնի անձերու մասին նոր բացայայտումներ կատարելու առընթեր, հաճելի ընթերցանութիւն մըն ալ կը պարգեւեն կարդացողին:

«Երկու դրախտները» հատորի իւրաքանչիւր բաժնէն ետք տեղադրուած են ծանօթագրութիւններ: Հոն կարելի է գտնել նաեւ Թէքէեանի` ժամանակի մամուլին մէջ հրատարակուած երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ հօր` Գալուստ Թէքէեանի Պաղլարպաշըի մէջ գտնուող շիրիմին լուսանկարը: Հատորի աւարտին դրուած յատուկ անուններու ցանկն ալ կը դիւրացնէ պատմաբաններու կամ գրականագէտներու աշխատանքը: