«Արաս»էն հրատարակութեան տարափ

“Ակօս”․- Երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ գրական կեանքէ ներս հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ աշնան մռայլ օրերուն ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի հայերէն գիրքերը թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ գործով։ «Սպասման Սրահին Մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս», «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։ Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը առաջին հատորը։

Բացի Եսայեանի այս մոռացուած գործէն հրատարակչատունը մամուլի յանձնած է նաեւ գիւղագրութեան մեծ հսկայի Յակոբ Մնձուրիի այնքան սիրուած յուշագրութիւնը, որ կը նկարագրէ մեծ վարպետի Իսթանպուլեան ապրումները։ 1897-1940 տարեթիւերը ընդգրկող այս յուշագրութեան մէջ Մնձուրի կը նկարագրէ կայսրութեան շրջանի առօրեայ կենցաղը, վկայութիւններ փոխանցելով նախ իր ընտանիքի մարդկանց իբրեւ փռապան աշխատած Պէշիքթաշ թաղէն եւ հետզհետէ ընդլայնելով դէպի քաղաքի պատմական թաղերը Օրթագիւղ եւ Հիսար։ Երիտասարդ պանդուխտը անշուշտ որ պիտի անդրադառնար նաեւ տուեալ ժամանակներու Փերային, Ղալաթիոյ եւ այլ նշանակալից վայրերուն։

Յուշագրութեան բնոյթով մի այլ գիրք է Շէյխմուզ Տիքէնի գործը՝ «Ա՛խ Ունեմ Տիյարպէքիր», որ նիւթ կ՚ունենայ Տիյարպեքիր վերադառնալու երազանքին տարուած, բայց այդ երազանքը իրականացնելու առիթ չունեցած մարդկանց զգացումները։

Անուանի պատմաբան Ռիչարտ Կիրակոսեանի «Պատմական Քաղաքները եւ Հայերը» խորագրեալ շարքի երրորդ գիրքը ձօնուած է Խարբերդի։ Խարբերդի եւ շրջակայքի պատմութեան ձօնուած այս գիրքին կը յաջորդէ Տիգրան Մեսրոպ Քանիկեանի «Դաշնակցականները եւ Իթթիհատականները» անուն գիրքը։ Այս գիրքը կարեւոր է այն առումով թէ հոն կը հանդիպինք առաջին անգամ յայտնաբերուած զանազան փաստաթուղթերու։

Հրատարակչատան գրողները փառատօնի տեւողութեամբ պիտի մակագրեն նաեւ իրենց գիրքերը։