Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը` գործակցելով ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ «էյչ-էս-պի-սի պանք Հայաստան»ի հետ, կազմակերպած էր գործարար համաժողով նուիրուած գիւղատնտեսութեան: Նպատակը ոլորտի հայկական ընկերութիւններուն ամերիկեան յայտնի «Ուոլմընթ» եւ «Մոնսանթօ» ընկերութիւններու փորձի, ապրանքներու ու արհեսատագիտութիւններու ներկայացումն էր ու կապերու ձեւաւորումը:
«Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկն է, անիկա կ՛ապահովէ Հայաստանի ՀՆԱ-ի 19.6 տոկոսը եւ հայաստանեան աշխատուժի 36.2 տոկոս զբաղուածութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կը ջանայ բարելաւել մեր երկու երկիրներու առեւտրական հնարաւորութիւնները եւ խորացնել առեւտրա-ներդրումային յարաբերութիւնները: Ուրախութեամբ կրնանք փաստել, որ այս տարուան առաջին 8 ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, ըստ ԱՄՆ վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, աճած է 35 տոկոսով», — բացման խօսքին մէջ ըսած է ԱՄՆ գործերու հաւատարմատար Ռաֆիք Մանսուր:
Ամերիկեան երկու ընկերութիւններ` «Ուոլմընթ»ը եւ «Մոնսանթօ»ն գործուղած էին ներկայացուցիչներ, որոնք այս համաժողովի ընթացքին ներկայացուցին իրենց ընկերութիւններու ապրանքները եւ ուսումնասիրեցին Հայաստանի մէջ առկայ գործարար հնարաւորութիւնները: Այս մէկօրեայ համաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ «Էյչ-էս-պի-սի Պանք Հայաստան»ի, Միջազգային ֆինանսական ընկերութեան, Գիւղատենտեսութեան ու գիւղի զարգացման «Քարտ» կեդրոնի եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները: