Երաժշտասէր հանրութիւն մը կարելի է բաժնել երկու խումբերու՝ դասական երաժշտութեան եւ կամ՝ ժողովրդական երաժշտութեան սիրահարներու: Բայց կարելի՞ է միացնել երկու ճաշակները եւ հրամցնել երկու ժանրերու լաւագոյն գագաթները: Այո՛, եթէ ունինք իսկապէս տաղանդաւոր երիտասարդ երաժշտագէտ, յօրինող եւ դաշնակահար՝ Արտէն Արաբեանը, ու երգի այլազան կարողութիւններով օժտուած երիտասարդ սոփրանօ` Սաշա Ճիհանեանը, որոնք ընկերակցութեամբ իրենց քառեակի թաւջութակի, աւագասրինգի եւ թմբուկի ճարտար մասնակցութեան, բացառիկ երաժշտական վայելք մը հրամցուցին Հոկտեմբեր 28-ին, որպէս իրենց նուէրը՝ «Ապագայ»ի 42-րդ եւ ABAKAnews.org-ի երկրորդ տարեդարձի տօնակատարութեան:
Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան սրահը ամբողջութեամբ լեցնող ժողովուրդը նախ հիւրասիրուեցաւ իրենց սեղանները լեցնող այլազան ուտեստեղէններով եւ գինիով, օրհնութեամբը հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեանի: Ապա, հանդիսավար Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան բացման եւ բարիգալստեան խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ գնահատանքով անդրադարձաւ, ամէն տարուայ նման, Գանատայի առաջին հայկական շաբաթաթերթի տարեդարձի աւանդութիւն դարձած այս տօնակատարութեան եւ այդ առիթով կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն, որոնք կը ցոլացնեն հանրութեան գնահատանքը հանդէպ «Ապագայ»ին:
Հանդիսութիւնը հովանաւորող Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի բացակայութեան, որ Լոս Անճելըս մեկնած էր ներկայացնելու Գանատայի Թեմը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի ի պատիւ հանդիսութիւններուն, հանդիսավարուհին հրաւիրեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը, որ ընթերցէ Աբգար Սրբազանի շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան գիրը: Յաջորդաբար իր սրտի խօսքը կատարելու հրաւիրուեցաւ «Ապագայ»ի պատասխանատու խմբագիր՝ պրն. Աւետիս Պագգալեան: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորեց «ԱՊԱԳԱՅ»ի գոյութեան իմաստը անցեալին ու ներկային, նամանաւանդ Արեւմտահայերէնի պահպանման սուրբ գործին մէջ, ապա ներկաներուն խրախուսեց, որ անոնք քաջալեր հանդիսանան նոր սերունդին, որպէսզի անոնք կարդան հայերէն եւ խօսին հայերէն: Իր խօսքի աւարտին, ան սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնեց իր բոլոր գործակիցներուն, որոնց անսակարկ օգնութիւններով կարելի կը դառնար «Ապագայ»ի անխափան հրատարակութիւնը: Իր զգացուած խօսքերուն մէջ ան յայտնեց, թէ 42 տարիներու ընթացքին անձնուէր եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ, ի գին անգնահատելի զոհողութիւններու, քայլ պահեցին հրատարակչական ասպարէզի զարգացումներուն ու մինչեւ այսօր չեն զլանալ իրենց օրինակելի նուիրումը տրամադրել այս աշխատանքին: Աւելին՝ ահա երկու տարիէ ի վեր հիմնուեցաւ ու կանոնաւոր կերպով լոյս կ’ընծայուի էլէքտրոնիք ABAKAnews.org առցանց թերթը:
«Ապագայ»ի օրուան խորհուրդի մասին խօսեցաւ գլխաւոր հիմնադիրներէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ արագ պատմական անդրադարձ մը կատարելով յայտնեց այս գաղթօճախին մէջ հայ մամուլ հիմնադրելու կենսական կարեւորութիւն ունեցող պահանջին մասին եւ ահա 40 տարիներ ետք կը շարունակենք այդ առաքելութիւնը ամենաարդիական առցանց ABAKAnews.org-ի հրապարակումով: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ամէն տարի այսպիսի առիթներով իրենց նիւթական եւ բարոյական նուէրներով «Ապագայ»ին զօրավիգ կանգնողներուն, ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ «ԱՊԱԳԱՅ»-ի անձնակազմի նուիրուածութեան եւ դրուատիքով գովաբանեց անոնց կատարած աշխատանքը:
Ետքը տեղի ունեցաւ Տարեդարձի կարկանդակի հատումը, որմէ անմիջապէս ետք հանդիսավար Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան ներկաներուն յայտնեց, թէ վերջ կը գտնէր յայտագրի առաջին բաժինը ու ան հրաւիրեց երաժիշտները ստանձնելու մշակութային բաժինը:
Իր ներածական խօսքերուն մէջ Արտէն Արաբեան կը յայտնէր թէ ինք եւ երգչուհի Սաշա Ճիհանեան յաճախած եւ շրջանավարտ եղած են Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանէն: Սաշան իր երաժշտութեան մասնագիտութիւնը զարգացուցած է օփէրայի գծով, եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Canadian Opera Company-ի միջոցաւ, նուաճելով առաջնութեան մրցանակներ Ֆիկարօ, Գարմէն, Տոն Ճիովաննի եւ շարք մը այլ հանրածանօթ օփերաներու գլխաւոր դերերը ստանձնելով: Մասնակցելով Մէթրոբոլիդան Օբէրայի որոշ ծրագիրներուն, նոյն ժամանակ ան վաստկած է Պսակաւոր եւ ապա Մագիստրոս վկայականները ու հրաւիրուած է ելոյթներ ունենալու Եւրոպական քաղաքներու մէջ, ինչպէս`Չեխիոյ, Պելճիգայի եւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ:
Արտէն Արաբեան Ճազզ երաժշտութեան նկատմամբ ունեցած է բնածին տաղանդներ եւ վերջին տասը տարիներուն Montreal Jaz Festival-ին մրցանակներուն արժանացած է. ան յաջողութեամբ վաստկած է Պսակաւոր Արուեստի վկայականը Մոնթրէալի Համալսարանէն, իսկ վերջերս զարգացուցած է հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու վերամշակումը, անոնց մէջ ներմուծելով ճազզ-ի թեմաներ: Կազմակերպելով նաեւ երաժշտական քառեակ մը, Սաշա Ճիհանեանի հետ ան նոր եւ թարմ շունչ ներմուծած է դասական եւ ժողովրդական երգերու եւ նուագներու մէջ: Այս տինամիք խումբը հրամցուց տասնեակ մը հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու փունջ մը, սկսեալ Կոմիտասէն մինչեւ Էլեկիա ու Շանսոն Պոհէմ: Վստահաբար, դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւններու լաւագոյն մասերու ճարտար միախառնումով նոր ուղի մը բացուի համաշխարհային երաժշտութեան մէջ, շնորհիւ Արտէնի եւ Սաշայի տաղանդաւոր նորարարութիւններուն:
Ելոյթի աւարտին, այս ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Պարգեւ Նազարէթեան ներկաներուն յայտնեց, թէ աւանդական դարձած այս ձեռնարկը` կրկին կու գայ անգամ մը եւս փաստելու մեր հանրութեան երաժշտական բարձր մակարդակը ինչպէս նաեւ սատարելու «Ապագայ»ի ապագան ապահովող նիւթական հասոյթի կենսական մասը, ապա ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով ան յայտարարեց ձեռնարկին աւարտը:
Ներկայ մը