ՎԱԼԷՐԻ ՓԼԱՆԹ՝ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Կիրակի՝ 5 Նոյեմբերին 2017-ին, Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններու յաղթանակը տարաւ Փրոժէ Մոնթրէալ կուսակցութեան ատենապետ՝ 43-ամեայ  Վալէրի Փլանթ, որ կը հանդիսանայ Մոնթրէալի առաջին կին քաղաքապետը, փոքր առաւելութեամբ մը բաղդատմամբ նախկին քաղաքապետ Տէնի Քօտէրի, որ երկարամեայ փորձառութեամբ թրծուած քաղաքագէտ մը կը նկատուի:

Ընտրութեան օրուայ կէս գիշերին, երբ քուէներու 98 տոկոսը հաշուուած էր, Վալէրի Փլանթ հաւաքած էր 239,202 քուէ, բաղդատմամբ Տէնի Գոտէրի 212,503 քուէներուն, որ արդիւնքն էր քաղաքի կեդրոնական մասին աւելի խիտ բնակչութեան եւ մասամբ՝ քաղաքի շրջակայքի (Ահանցիք-Քարթիէվիլ, Քօդ տէ նէժ-Նոթրըտամ տը Կրաս) շրջաններէն որոշ քուէներու:

Իր յաղթանակի ճառախօսութեան մէջ Վալէրի Փլանթ վերահաստատեց, թէ պիտի իրագործէ իր խոստացած ծրագիրները՝ բարեփոխել մէթրոյի հանրային փոխադրամիջոցը, աւելի ապահով ճամբաներ երեց քաղաքացիներու եւ հեծանիւի օգտագործման համար, եւլն:

Տէնի Քօտէր յայտարարեց թէ պիտի թողու քաղաքապետարանի քաղաքական գործունէութիւնը, եւ աւելցուց  թէ ինչ ալ ըլլան ընտրութեան արդիւնքները, ինք եւ իր գործակիցները հպարտ են իրենց տարիներու իրագործումներով: