Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի աւելցնէ Հայաստանին տրամադրած նիւթական միջոցները

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան  Նոյեմբեր 6-ին ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Վենքայի Ժենքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նշելով, որ դրամատունը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն գործընկերներէն է` վարչապետը ընդգծած է, որ նախորդ տարիներուն անիկա Հայաստանի մէջ գործադրած է 25 մեծ ծրագիրներ, որոնց մէջ ներառուած է նաեւ սեփական մարզը:

Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է ենթակառոյցներու բնագաւառին մէջ ծրագիրներու իրականացումը, մասնաւորաբար` Հիւսիս-հարաւ միջանցքի, Վանաձոր-Ալավերդի-Վրաստանի սահման (Մ-6) միջպետական ճամբու վերանորոգութեան, Քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ ճանապարհաշինական, Երեւանի երթեւեկի նոր համակարգի ներդրման, Հայաստանի թուային օրակարգի իրականացման ծրագիրները եւ այլն:

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Ասիական զարգացման դրամատան հետ համագործակցութեան մնայուն զարգացումով եւ վերջինիս կողմէ հայաստանեան սեփական մարզի ֆինանսաւորման ծաւալներու ընդլայնումով:

Վենքայի Ժենք հաստատած է, որ դրամատունը պատրաստ է շարունակելու օժանդակութիւնը Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն` ենթակառոյցներու զարգացման, ուժանիւթի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Ըստ անոր, դրամատունը ներկայիս կ’աշխատի մինչեւ 2030 թուական նախատեսուող ծրագիրներու ռազմավարութեան վրայ եւ նշած, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի հետ քննարկել համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները: Վենքայի Ժենք նաեւ տեղեկացուցած է, որ դրամատունը պիտի աւելցնէ Հայաստանի սեփական մարզին համար ֆինանսական միջոցներու քանակը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող տարբեր հարցեր եւ անդրադարձած նաեւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագիրին մէջ սեփական մարզի ներգրաւման կարելիութեան: