Հայաստան պիտի ունենայ իր «Տիզնիլենտ»ը, որ պիտի կոչուի «Նոյլենտ»

Հայաստանի կառավարութիւնը «Տիզնիլենտ» (Disneyland) եւ «Եունիվըրսըլ» (Universal) ընկերութիւններու փորձագէտները Հայաստան հրաւիրած է Վանաձորի մէջ «Տիզնիլենտ»ի նման վայրի մը նախագիծի իրագործման աշխատանքներու հետ: Այդ վայրը պիտի կոչուի «Նոյլենտ»: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«Նախագծի աշխատանքները սկսուել են մէկ տարի առաջ, մեկնարկել է 100 մլն. դոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներում, եւ այժմ իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ օգնում են մեզ Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու գործում», ըսաւ վարչապետը:

Վերջինս նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառուցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան առաւել գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ հիմնադրուող ձեռնարկը: