Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժայի էմիրութեան մէջ, Հայաստանը կը նախատեսէ բանալ առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոն: Այս մասին՝ ըստ «Արմենպրես»-ի նշած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան։ «Հողատարածքը յատկացուած է, այժմ շէնքի նախագծային փուլն է: Պիտի փորձենք առաջընթաց արձանագրել այս ուղղութեամբ, որովհետեւ առեւտուրի տուն ունենալը կարեւոր գործիք է: Այժմ կը յստակեցուի առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոնի ձեւը: Կը նախատեսենք, որ ան մէկտեղէ քանի մը գործառոյթ: Նախ ըլլայ հայկական ապրանքներու ցուցահանդէս, այնուհետեւ նախատեսուած է բաժին հայաստանեան զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները ներկայացնելու համար: Ատկէ բացի, Հայաստանի գործարար ներկայացուցիչներուն հնարաւորութիւն տրուի այնտեղ գրասենեակներ ունենալու»,-ըսած է ան:
Ազիզեան նշած է, որ չի բացառուիր առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոնի ձեւը այլ ուղղութիւններով կիրառելը: Մանաւանդ, որ այլ երկիրներու մէջ նման կեդրոն բանալու առաջարկներ կան:
«Ան արտահանումը խրախուսող լաւ ուղղութիւններէն մէկն է: Պէտք է կեդրոնանալ այն շուկաներու վրայ, որոնք մեզի համար մեծ ներուժ ունին: Այսօր կան առաջարկներ Մոսկուայի մէջ այդպիսի կեդրոն ստեղծելու համար: Մեզի համար ատիկա նոր ուղղութիւն է, փորձ ձեռք բերելով, մէկ, երկու այսպիսի ծրագիր ընելով, կրնանք հասկնալ, թէ որքանով անիկա պիտի աջակցի արտահանման: Ատոր հիման վրայ ալ պիտի որոշենք, այն տարածելու անհրաժեշտութիւն կա՞յ, թէ՞ այլ մեքանիզմներու վրայ կեդրոնանանք»,-աւելցուցած է փոխնախարարը: Ան ընդգծած է, որ պիտի փորձեն այդ ծրագիրերը իրականացնել գործ հետ համագործակցութեամբ։