ՀՀ զինուած ուժերը ձեռք բերած է «Իգկա-Ս» դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիրներու մեծ խմբաքանակ

Զինուած ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ-վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան ՀՀ ՊՆ «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթի հետ զրոյցին ըսած է,- «Համալրումը զգալի է: Ան կ’ապահովէ կրակի բաւականին մեծ խտութիւն: Նաեւ այս միջոցի շնորհիւ ստեղծուած է ամուր հակաուղղաթիռային համակարգ: «Իկլա-Ս»-ը  լաւագոյնն է իր դասի մէջ: Ան կը տարբերակէ զանազան տիպի խանգարումներ, մարտական գլխիկը բաւականին զգայուն է եւ կրնայ  յայտնաբերել նաեւ փոքր ջերմութեան աղբիւր հանդիսացող անօդաչու թռչող սարքերը»:

Արթուր Պօղոսեանի խօսքով, «Իկլա-Ս»-ն օժտուած է հրթիռի մեծ հեռահարութեամբ եւ թիրախի խոցման մեծ հեռաւորութեամբ, զգալի է նաեւ հրթիռի մարտական մասի զանգուածը, ինչի շնորհիւ բարձր է թիրախի ամբողջական ոչնչացման հաւանականութիւնը:

«Մեր ձեռք բերած «Իկլա-Ս» համալիրները նոր են, եւ երկար տարիներ որեւէ խնդիր  չենք ունենար: Նրանք պատրաստ են խնդիրը լուծելու  նոյնիկ գիշերային պայմաններու մէջ, քանի որ համալրուած են «Մաուկլի»  նշանոցով»,-նշած է գնդապետ Պօղոսեան: