Հայաստանի մէջ բեռնատար մեքենաներ պիտի արտադրուին

AA Trucks ընկերութեան նորարարական արհեստագիտութիւններով բազմազան գործածութեան հայկական բեռնատար մեքենաներու արտադրութեան ծաւալները առաջին հինգ տարիներուն $46 միլիոն պիտի կազմեն:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի մամուլի քարտուղար Աննա Օհանեան PanARMENIAN.Net-ին փոխանցած է, որ հայ-ամերիկեան ընկերութեան արտադրութեան բեռնատարները պիտի արտահանուին ԵԱՏՄ երկիրներ, ԱՄՆ, Վրաստան, Իրան, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ այլ երկիրներ:

AA Trucks-ի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արմէն Գագիկեան յայտնած է, որ մեքենան հայ-ամերիկեան համատեղ արտադրութեան նոր մակնիշի բեռնատար պիտի ըլլայ: Ան նշած է, որ բեռնատարներ պիտի առաջարկուին տնտեսական տարբեր բնոյթի գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուժային կառոյցներուն:

«Բեռնատարի ներքին կահաւորումը պիտի համապատասխանեցուի պատուիրատուի գործունէութեան ու շահագործման նպատակներուն»,- ըսած է Արմէն Գագիկեան:

Հոկտեմբերին կառավարութեան որոշումով AA Trucks ընկերութեան «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի շահագործողի թոյլտւութիւն տրամադրուած էր:

Յայտարարուած էր, որ ծրագրի ծիրէն ներս ներդրումը պիտի կազմէ մօտ $40 միլիոն:Առաջին երկու տարին պիտի ստեղծուի 40 նոր աշխատատեղ` 150.000 դրամ միջին աշխատավարձով, իսկ յետագային արտադրանքի ծաւալներու աճի արդիւնքով` 1000-էն աւելի նոր աշխատատեղ: