Իսրայէլ կը քննէ Արցախի մէջ անօդաչուներ կիրառելու փաստերը

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը քրէական հետաքննութեան սկսած է անօդաչու թռչող սարք արտադրող այն իսրայէլական ընկերութեան դէմ, որուն արտադրանքի միջոցով Ատրպէյճան 2017-ին ԱԹՍ փորձարկման ժամանակ փորձած էր ռմբակոծել հայկական դիրքերը:

Այս մասին ՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ կը յայտնէ The Times of Israel-ը:

Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Aeronautics Defense Systems Ltd. ընկերութեան նկատմամբ հետաքննութիւն կ՛ընթանայ` յայտնի գնորդի հետ կատարուած գործարքի ծիրէն ներս»:

Հետաքննութիւնը կը վարէ Իսրայէլի ոստիկանութեան Միջազգային յանցագործութիւններու հետաքննութեան միութիւնը, որ յայտնի է եբրայերէնով Yahbal անունով: Գործընթաց սկսելու մասին տեղեկութիւնները յայտնի դարձած են Նոյեմբեր 13-ին, երբ իսրայէլական դատարանը թոյլատրած էր հետաքննութիւն իրականացնել` սահմանափակելով տեղեկատուութեան տրամադրումը այս ուղղութեամբ: Ոստիկանութիւնը, մասնաւորապէս, յայտնած է, որ պիտի չյստակեցնէ, թէ ով է «յայտնի գնորդը»:

Aeronautics Defense Systems ընկերութիւնը յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ իրենք կը պատրաստուին լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել հետաքննութեան եւ «ընել առաւելագոյնը, որպէսզի հետաքննութիւնը հնարաւորինս արագ արդիւնք տայ»:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական արտահանման վերահսկման գործակալութիւնը Օգոստոսին Aeronautics Defense Systems ընկերութեան համար կասեցուցած էր Orbiter 1K տեսակի ԱԹՍ-ն «յայտնի գնորդին» արտահանելու արտօնագիրը:

Aeronautics-ի տուեալներով` ընկերութիւնը մտադիր էր «յայտնի գնորդին» հետ յառաջիկայ երկու տարուան մէջ կնքելու 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր: Այդ ժամանակ ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ ԱԹՍ վաճառելու ՊՆ կասեցումը կը վերաբերի միայն «յայտնի գնորդին», իսկ միւս օտարերկրեայ գնորդներուն վրայ անիկա չի տարածուիր:

The Times of Israel-ը կը գրէ, որ թէեւ իսրայէլական կողմը չի յայտներ գնորդին անունը, սակայն յայտարարութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ ան Ատրպէյճանն է: Արտօնագրի կասեցումը եղաւ այն դէպքէն երկու շաբաթ անց, երբ նախարարութիւնը բողոք ստացած էր, որ Ատրպէյճանի պահանջով ընկերութիւնը իր Orbiter 1K տեսակի ԱԹՍ-ն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կիրառած է հայկական ուժերուն դէմ:

Յուլիս 7-ի յարձակման ժամանակ վիրաւորուած էր երկու հայ զինուոր:

ՊՆ ներկայացուած բողոքի մասին առաջին տեղեկութիւնները յայտնուած էին Maariv պարբերականին մէջ:  Զեկոյցին համաձայն` ընկերութիւնը խումբ ուղարկած էլ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու` ցուցադրելու ԱԹՍ-ն, որ կրնայ բեռցուիլ 1-2 քիլոկրամնոց պայթուցիկով եւ ուղարկուիլ թշնամիին թիրախը «ինքնասպանի» առաքելութեամբ:

Համաձայն ներկայացուած բողոքի` Orbiter 1K-ն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ցուցադրելու ժամանակ ընկերութենէն խնդրած են հայկական ռազմական դիրքի վրայ փորձարկում իրականացնել: Իսրայէլի օրէնքներով` նման փորձարկումը հակաօրինական է, իրական թիրախներու վրայ ատր փորձարկման համար անհրաժեշտ է յատուկ թոյլտւութիւն: «Այս պարագային քիչ հաւանական է, որ Aeronautics Defense Systems-ը ստանար նման թոյլտւութիւն, քանի որ Իսրայէլ Հայաստանին թշնամական պետութիւն չի համարեր»,- կը գրէ իսրայէլական The Times of Israel պարբերականը:

Maariv այն ժամանակ հաղորդած էր, որ ԱԹՍ-ն շահագործող երկու իսրայէլցիները հրաժարած էին նման յարձակում իրականացնելէ` թէպետ սպառնալիքներ ստացած էին իրենց ղեկավարներէն: Աւելի ուշ Պաքուի մէջ գտնուող Aeronautics Defense Systems-ի պատուիրակութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեայ փորձած էին կատարել Ատրպէյճանի պահանջը, սակայն անհրաժեշտ փորձառութեան բացակայութեան պատճառով չէին կրցած ճիշդ խոցել թիրախները:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ իրենք կը քննեն դէպքը, սակայն այս հարցով աւելի բան չեն կրնար ըսել:

The Times of Israel-ը յիշեցուցած է, որ 2016 թուականին Ատրպէյճան օգտագործած էր մէկ այլ արտադրութեան իսրայէլական «ինքնասպան» ԱԹՍ` կիրառելով զայն հանրակառքի վրայ յարձակման ժամանակ, որու հետեւանքով սպաննուած էր եօթը հայ: