Երեքշաբթի՝ 14 Նոյեմբեր 2017-ին, Մոնթրէալի «Հայ Կեդրոն»ի մէջ կայացաւ ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» Ակումբի եւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէի տեղական վարչութիւններու խորհրդակցական հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցան Գանատահայութիւնը հետաքրքրող զանազան հարցեր:
Այս հանդիպումը առիթ մըն էր ամրապնդելու համագործակցութեան ոգին եւ քաջալերելու միասնական աշխատանքը, ի շահ Մոնթրէալի հայ գաղթօճախի գոյատեւման ու Հայ Դատի հետապնդման: