«Եւրոպայի մէջ «Արցախի օրեր»ը տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ, որու պատճառով պատասխանատուութիւնը կրկնակի է եւ սպասելիքները` աւելի մեծ»,- այս մասին նշած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20-ին Փարիզի մէջ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու մեկնարկի առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի ժամանակ:
«Մենք համոզուած ենք, որ ծրագիրով նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները պիտի իրականացուին պատշաճ մակարդակով: Համոզուած ենք, որովհետեւ ունինք հայրենասէր հայրենակիցներ եւ հաւատարիմ բարեկամներ, որոնք իրենց ներգրաւումով պիտի սատարեն բոլոր նախաձեռնութիւններու յաջողութեան»,- Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան:
Ան յոյս յայտնած է, որ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու կազմակերպումը իր կարեւոր լուման պիտի ունենայ Ֆրանսայի հետ Արցախի փոխգործակցութեան ընդլայնման գործին` ֆրանսական ու եւրոպական հանրութեան ներկայացնելով մեր երկիրը, անոր պատմութիւնը, մշակոյթը, տնտեսութիւնը եւ այլ բնագաւառներ` աւելցնելով, որ մեր բոլոր ձեռքբերումներու հիմքը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կուռ եռամիասնութիւնն է:
Ձեռնարկի ընթացքին Բակօ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալ յանձնած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեանին` բարձր գնահատելով տարիներ շարունակ անոր մշտական աջակցութիւնը Արցախին եւ մասնակցութիւնը մեր հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին: