Ատոմ Էգոյեան Հնդկաստանի միջազգային փառատօնին մրցանակ պիտի ստանայ

Յայտնի գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեան պիտի պարգեւատրուի Lifetime Achievement մրցանակով Նոյեմբեր 20-ին մեկնարկող «Հնդկաստանի միջազգային շարժանկարի փառատօն 2017»-ի (IFFI) ընթացքին:

Ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ հնդկական United News լրատուամիջոցի փոխանցմամբ, Հնդկաստանի տեղեկատւութեան եւ հեռարձակման նախարար Սմրիթի Իրանին իր թուիթըրեան էջին մէջ հրապարակած գրառման մէջ կը յայտնէ, որ փառատօնի ընթացքին բեմադրիչին նկարած երեք` «Քաղցր ապագան», «Էքզոթիքա» եւ «Յիշել» շարժանկարներու յատուկ ցուցադրութիւն պիտի կազմակերպուի:

Աշխարհահռչակ բեմադրիչ, գրող եւ արտադրող Ատոմ Էգոյեան մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային շարժանկարի զարգացման գործին: Անոր ֆիլմերուն մէջ կը համադրուին բուռն զգացումներն ու արհեստագիտական ինքնատիպ լուծումները, որոնք հանդիսատեսին կը բացայայտեն տարբեր հիմնախնդիրներ: Եգիպտահայ ընտանիքի մէջ ծնած Ատոմ Էգոյեան, Թորոնթոյի համալսարանին մէջ հայոց պատմութիւն ուսանելու տարիներուն, շատ բան կը բացայայտէ իր ազգային մշակոյթի եւ պատմական անցեալի մասին: Ան մեծ հետաքրքրութեամբ կը սկսի ուսումնասիրելու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որու ընթացքին 1.5 միլիոն հայ սպաննուած է Թուրքիոյ մէջ:

«Ան իր գործունէութեան հիմնական շարժիչ ուժը ֆիլմարտադրութեան մէջ կը համարէ մոռացուած պատմութեան վերհանումը»,- կը գրէ աղբիւրը:

Էգոյեան նկարած է 15 լիամետրաժ ֆիլմ, ստեղծած է քանի մը հեռատեսիլային նախագիծեր եւ կարճամետրաժ ֆիլմեր: Բեմադրիչին «Արարատ» ֆիլմը անոր առաջին գործն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: