Նոյեմբերի առաջին երկու շաբաթավերջերուն, կարելի է ըսել, թէ թատերական գիտարուեստական (թէքնիքական) յեղափոխութիւն մըն էր, որ պատահեցաւ:
«Ժամանակներու սկիզբը»ն մեծ խանդավառութեամբ իր 4 ելոյթները ունեցաւ խուռներամ հանդիսատեսներու ներկայութեան՝ Նոյեմբեր 4, 5, 11 եւ 12 ի երեկոներուն:
Թող Մոնթրէալի բեմի աշխարհի պատմութիւնը արձանագրէ, թէ ԹՄՄ-եան «Հայ Բեմ»ի ներկայացումը – բեմադրութեամբ քանքարաւոր Նանսի Իսսա Թորոսեանի – եղաւ աննախընթաց իր ոճով, թէքնիքով, դերակատարութեամբ, դիմայարդարութեամբ եւ զգեստներու պատշաճութեամբ: Մէկ խօսքով արուեստի յայտնութիւն մըն էր:
«Հայ Բեմ» ը առաջնորդուած տաղանդաւոր բեմադրիչ՝ Նանսի Թորոսեան է մեզ հրամցուց «Ժամանակներու սկիզբը» ներկայացումը՝ քաղուած թատրերգութենէն հեղինակ՝ MARCIO SOUZA-ի եւ ըստ թարգմանիչ Տիկ. Քրիստինէ Տրդատեան –Գույումճեանի «Ամազոնեան ոգիով շրջիկ թատրոն մը… կայուն բեմ չկայ, դերասանները կենդանիներ են, որոնք միայն իրենց զգեստով եւ խաղարկական արտայայտութիւնով ու մանաւանդ բեմադրիչին մատնանշած լոյսերով պիտի տան կտորին խորհուրդը»:
Որքա՜ն ճիշդ նկարագրած է թարգմանիչը: Բեմադրիչին շնորհուած երեւակայութիւնն ու բոլոր գործակիցներուն վրայ ունեցած իր վստահութիւնը միայն. կրնար հասցնել այսպիսի գլուխ-գործոցի մը:
Ամազոնի անտառներուն մէջ, ուր բնութեան գեղեցկութիւնը ջրվէժի շառաչիւնն ու թռչուններու ճռուողիւնը հարազատօրէն կը պատկերացուին պաստառի օգնութեամբ ու ձայներու խաղերով: Ձանձրացած գորտն է որ կ’աղաչէ անտառի հօրմէն, որ այս վերջինը զինք փոխէ մարդ արարածի. եւ գորտը կը դառնա’յ մարդ: Իր նշանածին հանդէպ՝ զինք կը մղէ արկածախնդրութիւններու: Կը փնտռէ կրակը, որ կեանք տայ իր սիրոյն սակայն վերջապէս չ’կարենալով հանդուրժել մարդկային դժուարութիւններու կը փափաքի կրկին վերադառնալ գորտի:
Դերակատարները լաւ ըմբռնած էին իրենց յանձնուած պատասխանատուութիւնը:
Գրեթէ բոլորն ալ ներդաշնակօրէն պէտք է պայքարէին տարբեր նկարագիրներու հակադրութեան դէմ: Ցատկել մէկ հոգեկան վիճակէ դէպի ուրիշը, մէկ արտայայտութիւնէ դէպի հակառակը, դժուար է արուեստասէր դերակատարի մը համար:
Թէեւ ճիշդ է, թէ հանդիսատեսին համար հաճելի են այս փոփոխութիւնները. կու տան տեսակ մը գունաւոր այլազանութիւն, սակայն ներկայացնողը պէտք է ունենայ խորունկ ըմբռնում իր դերին հանդէպ ու դիւրահաղորդ միջոց, փոխանցելու համար՝ այդ:
*Նոյնը եւ պատահեցաւ Ռաֆայէլ Խաչատուրեան՝ ի (Թարօ Պէքէ), երբ նախ ներկայացաւ իբրեւ դժգոհ գորտը, յետոյ երբ սրտագին փափաքեցաւ մարդ դառնալ: Սակայն հոս կանգ չառաւ Ռաֆայէլին դերակատարութեան փորձութիւնը, երբ ան նոյնքան սրտագին փափաքեցաւ ե’տ գորտ դառնալ:
Դժուար էր իր դերը, այսուհանդերձ Ռաֆայէլը հարազատօրէն իրականացուց իր վրայ դրուած յոյսերը:
*Գրիգոր Ոսկերիչեան՝ (Քայնամէ): Գրիգոր հասակով, կեցուածքով եւ լաւ առոգանութեամբ տուաւ ճի’շդ անտառին հօր պատկերը:
*Բալիկ Լատոյեան՝ (Ղու-Շինոլ) անմեղ թռչնակը, որուն յոյսի ու յուսախաբութեան հակադրիչ արտայայտութիւնները նրբօրէն այլ յստակ՝ կարելի էր նկատել:
*Ռազմիկ Օգումուշեան՝ (Մագագօ) կապիկի ճկուն ու արագ շարժումները չ’խանգարեցին իր յստակ առոգանութիւնը:
Արփի Սողոմոնեան՝ (Թուքան) քանիցս վայելած ենք իր յաջող խաղարկութիւնը ու այս անգամ ալ նկատի առինք թէ ան ճկունութիւնը ունի բոլորովին տարբեր դերերով ի յայտ գալու:
*Ռաֆֆի Սարգիսեան (Մադամադա) եղաւ սքանչելի կրեայ մը, իր դանդաղ ու ծանր շարժումներն ու խօսքերը, հանդարտեցուցին հանդիսատեսին ունեցած հեւքը, առանց սակայն դանդաղեցնելու ներկայացումին ընթացքը:
*Քլոի Պալեան՝ (Հուռութի) մերթ պահանջկոտ կնոջ, մերթ կրքով ու սիրով լի նշանածուհի մը իսկ վերջաւորութեան յուսահատ այլ զուսպ պոռթկումներով, Քլոի յաջողութեամբ տարաւ այդ դժուարին դերը:
*Արամազդ Իսրայիլեան՝ ի (Ուրուպու) վայրագ ու կոշտ շարժումները, ձայնին ելեւէջները մէկ խօսքով իր ներկայութեամբ եղաւ յարմար Թագաւոր Անգղ ը: Զգալի էին իր դէմքի արտայայտութիւնները մանաւանդ պաստառի վրայ:
*Մարի-Լօր Սիմէթիէ՝ Տոնա Սուրուքուքու. սկիզբը առանձնութեան մէջ կորսուած եւ յետոյ յոյսի խոստումներ լսելէ ետք տարբեր արտայայտութիւններով ան կրցաւ մարմնաւորել օձին պատկերը:
*Արէն Մելքոնեան՝ Երիտասարդ Հնդիկը իր աշխոյժ շարժումներով ու ճկուն խաղարկութեամբ ներդաշնակօրէն քայլ պահեց ընդհանուր արագութեան:
Իսկ փոքրիկներ Զէրլինա Օհաննէսեան, Սիւզաննա Արմաղանեան եւ Դաւիթ Չիլինկիրեան իրենց շնորհալի պարերով, մուտքերով եւ ելքերով ամբողջացուցին ներկայացման գեղեցկութիւնը:
Այս բոլորէն ետք, սակայն առաջնահերթի վրայ՝ գնահատանքի խօսքը պէտք է ուղղել, բեմի բոլոր քուլիսային աշխատանքի գործակիցներու:
*Հագուստներու պատասխանատու՝ Սիլվա Մելքոնեանի, դիմայարդար – վարսայարդար՝ Ռիթա Վարդանեանի ու Լիսա Պարթեւեանի. երաժշտական պատասխանատու՝ Նորա Գավգասի. բեմայարդարումի՝ Ֆլօրիտա Պալեանի եւ Արի Ալբինի. բեմի պիտոյքներու՝ (accessoires) Սոնիա Գալէմճեան – Սիմէթիէի. ձայնի խաղերու Պարոյր Լապաճեանի. պատկերասփիւռ՝ (montage vidéo) Ճէնիֆըր Սեւանի. լոյսերու եւ նկարահանում՝ Գէորգ Թորոսեանի. պարուսոյց՝ Ժէրարտ Տէր Մինասեանի. (surtitrage) Բալիկ Լատոյեանի, Յակոբ Ռէճէպեանի, Վիգէն Ֆրունճեանի եւ Գրիգոր Ոսկերիչեանի (marketing) Թամար Փանոսեանի:
Հագուստները պատրաստուած էին յարմար կենդանիներու նկարագրին ու դերակատարներուն մարմինին. դիմայարդարումը, լոյսի խաղերու եւ ձայնի արձանագրութիւններու բարձր թէքնիքը հարազատօրէն կուտային անտառին պատկերը: Վերջապէս ամէն մէկ արուեստի շփում եղած էր բացառիկ բծախնդրութեամբ:
«Հայ Բեմ»ին հետ 6 տարիներու բեմադրական շրջանը ապրելով, Նանսի իր շուրջ կրցած էր հաւաքել ոգիով ազնիւ, ու պատրաստել արուեստի բարձր մակարդակով խումբ մը:
Այս անգամ առաջին անգամ ըլլալով ինքը անձամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէր դերակատարութեամբ: Եւ արդար է ըսել, թէ ինքնավստահութեամբ լի ճկուն խաղարկութիւն մը զգալի էր բեմին վրայ, սակայն առանց կեդրոնաձիգ վիճակ մը ստեղծելու կամ առանց «գողնալու» հանդիսատեսին ուշադրութիւնը ու նուազեցնելու իր շուրջի խաղընկերներուն ներկայութիւնը. պարկեշտութիւն մը որ հազուագիւտ կը պատահի արհեստավարժ (professional) աշխարհին մէջ: Առաւել յարգա’նք իր աշխատանքին ու խղճին հանդէպ:
Մուտքի պահուն մեզի փոխանցուեցաւ յայտագիրը՝ պատկերազարդ գրքոյկ մը, ուր բացառիկ գեղեցկութեամբ կը յայտնէր ներկայացման խորհուրդը: Պատրաստողը Տիկ. Էլիզ Պօղոսեանն էր ընկերակցութեամբ՝ (նկարներու արտադրում) Գէորգ Թորոսեանի: Տիկ. Պօղոսեանի շնորհալի արհեստավարժ երեւակայութեան պտուղն էր որ կը քաղէինք: Զարմանալի չէր: Նախապէս միշտ վայելած ենք իր բարձր արուեստը:
Նանսի անգամ մը եւս խօսեցաւ իր բարձրորակ արուեստով. եւ բարձրաձա’յն խօսեցաւ: Իսկ «Հայ Բեմ» ը մեծով մինչեւ մե’ծ արձագանգ տուաւ այդ արուեստին:
Պատիւ’ Մոնթրէալի թատրոնի պատմութեան:
Զգո՜յշ ուրիշ տեղական բեմադրիչներու կամ արուեստասէր թատերախումբերու:
Հասած է պահանջք մը, ուր յետադարձ քայլ կարելի չէ առնել այլեւս:
Պերճ Գոգորեան