Հ Հ  ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հրաւէրովը Գանատայի Կառավարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար՝ Վիգէն Սարգսեան Վանքուվըրի մէջ միջազգային ժողովի մը  մասնակցութենէն ետք Մոնթրէալ ժամանեց Հինգշաբթի`16 Նոյեմբերին 2017-ին: Նոյն օրը երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ Դեսպանատան եւ միացեալ կազմակերպութեամբ Քեպէքի Հայկական Կազմակերպութիւններու, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան համապարփակ ելոյթ մը ունեցաւ, խօսելով բանակի արդիականացման 7-ամեայ ծրագրին, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման, Հայ բանակի անցած վերազինման եւ բազմակողմանի զարգացումներուն մասին, յատկապէս Ապրիլեան պատերազմէն ետք, եզրակացնելով թէ Արցախի ազատագրումի օրերու սիրողական բանակը այսօր վերածուած է Հարաւային Կովկասի ամենահզօր բանակը, իւրաքանչիւր 40 բնակիչի մէկ զինուոր համեմատութեամբ, արդարացնելով «ազգային բանակ» անուանումը:

Ներկայացման աւարտին Նախարար Սարգսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Յաջորդ օրը Նախարար Սարգսեան իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ այցելեց Մոնթրէալահայ կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ ՀԲԸՄ Արմէն Քեպէք ամէնօրեայ Վարժարան, ՀԲԸՄ Կեդրոն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոն եւ Հայ Կեդրոն, ուր հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հորիզոն» եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթերու խմբագիրներուն հետ: