Կիրակի 12 Նոյեմբեր 2017-ին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյս հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան, որ տուաւ օրուայ պատշաճ քարոզ մը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն «Յիշատակութեան Օրուայ» (Memorial Day) համաշխարհային առաջին, երկրորդ հայրենական մեծ պատերազմի «Արցախի պատերազմներու զոհուած գանատացի եւ հայ զինուորներու հոգիներուն հանգիստ: Եկեղեցւոյ դասին մէջ տեղ գրաւած էր հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից Վլատիմիր Պօղոսեանը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի կ. Ե. Ժամը 1.30-ին եկեղեցւոյս «Մարալ Իշխանեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, կազմակերպուած Ս. Ե. Հ. Ա. Եկեղեցւոյ կողմէ, նիւթ ունենալով «Հայ ժողովուրդի նպաստը համաշխարհային երկրորդ պատերազմին», որ ներկայացուց հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից՝ Վլատիմիր Միսակի Պօղոսեանը:
Հանդիսավար պրն. Վահէ Գանտահարեան բացման եւ բարիգալստեան խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ տուաւ օրուայ դասախօս պրն. Վլատիմիրի կենսագրական գիծերը: Ան ծնած է Կիրովական (Վանաձոր) Դեկտեմբեր 6, 1926-ին, աւարտած է Թիֆլիսի զինուորական հրետանային բարձրագոյն ուսումնարանը Լենինկրատի (Սէյնթ Փէթէրզպուրկ) հիւսիս արեւմտեան փոլիթէքնիքական ինստիտուտը ծառայած է Սովետական բանակին 1945-էն մինչեւ 1953. պարգեւատրուած է շարք մը մարտական եւ աշխատանքային շքանշաններով. տոցենտ, Վենիսի փոլիթէքնիքական համալսարանին, 1953-1990 թուականներուն եղած է դասախօսական «Գիտելիք» ընկերակցութեան անդամ: 2014-ին հաստատուած է Թորոնթօ:
Յարգելի դասախօսը լայն տեղեկութիւններ տուաւ հայ ժողովուրդի նպաստին մասին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեսերիզի վրայ, ցոյց տուաւ պատերազմի տեսարաններէն եւ խօսեցաւ նուաճումներու մասին:
Արժ. Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեանի շնորհաւորական խօսքերով վերջ գտաւ շահեկան սոյն դասախօսութիւնը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն, եւ ներկաները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ զրուցելու պրն. Վլատիմիրի հետ: