«Հայաստան – Ռուսիա. Բարեկամութիւն` Կոփուած Դարերով» Ցուցահանդէսի Բացում

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Նոյեմբերին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ ողջոյնի ուղերձ յղած է «Հայաստան-Ռուսիա. բարեկամութիւն` կոփուած դարերով» ցուցահանդէսի մասնակիցներուն եւ հիւրերուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութենէն:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Սերկէյ Լաւրով: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, այլ պաշտօնատար անձերու եւ հիւրերու ընկերակցութեամբ հանրապետութեան նախագահը դիտած է տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը ներկայացնող արխիւային փաստաթուղթերն ու լուսանկարները:

Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է  «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը» նիւթին նուիրուած նամականիշներով գեղաթերթիկի մարման արարողութիւնը, որ  կատարած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ Հայաստանի  կապի, փոխադրամիջոցներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարը: